image
Հրատապ լուրեր:

Կեանք

Կեանք

Սիրուն տեսքով ժպիտի հետ 

Մի՛ պարծենար, կեանք իմ համակ, 

Քալողները շատ են քեզ հետ, 

Բայց ո՛չ ամէնքը քեզ համար:

Երկու օրեր կան յարատեւ՝ 

Որոնց չես կարող տիրանալ, 

Մէկը երէկ, միւսը՝ վաղն է, 

Զուգուած պատրանքներն աննկատ...

Ապրիր օրըդ, վայրկեանը մէկ, 

Որ չխաբուիս երազէն վատ:

 

Պատասխանը դուն ես հարցիդ, 

Ո՛չ թէ ուրիշ մը համանուն, 

Թող գործերըդ բուժեն չարին, 

Եւ տան մտքի տարողութիւն: 

Դուն կը փորձես գոյատեւել, 

Տալով սրտիդ ձեւ, յատկութիւն, 

Դե՜ռ կը խնդրես տէր Աստուծմէն 

Հաւատք, յոյս, սէր, մկրտութիւն: 

Ապրիր օրըդ, վայրկեանը մէկ, 

Որ մի՜շտ վայլես անդորրութիւն:

 

Կայլակ

(Սեպտ. 30, 2012)

«Սէր ու Կրակ» գիրքէն

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...