image
Հրատապ լուրեր:

Կայացած է Պայտընի եւ Թրամփի առաջին հեռուստաբանավէճը. ըստ CNN-ի հարցման՝ յաղթած է Տանըլտ Թրամփ

Կայացած է Պայտընի եւ Թրամփի առաջին հեռուստաբանավէճը. ըստ CNN-ի հարցման՝ յաղթած է Տանըլտ  Թրամփ

Միացեալ նահանգներու Ճորճիա նահանգի Աթլանթա քաղաքին մէջ՝ CNN-ի տաղաւարին մէջ, տեղի ունեցած է նախընտրական առաջին բանավէճը ԱՄՆ-ի նախագահի պաշտօնի առաջատար յաւակնորդներու՝ գործող նախագահ Ճօ Պայտընի եւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ:

Հեռուստադիտողներու 67%-ի կարծիքով՝ հանրապետական թեկնածուն գերազանցած է գործող նախագահը. այս մասին կը վկայեն CNN-ի հարցման արդիւնքները։

Համաձայն արդիւնքներուն՝ հեռուստադիտողներու միայն 33%-ը կը կարծէ, որ Ճօ Պայտըն աւելի լաւ հանդէս եկած է, քան իր մրցակիցը։

CNN-ը նշած է, որ հարցման արդիւնքները չեն արտացոլեր բոլոր ընտրողներու կարծիքը: Ընդ որում, հեռուստաալիքը եւ անոր լսարանը կը համարուին Դեմոկրատական կուսակցութեան համակիրներ։

Հեռուստաալիքի տուեալներով՝ բանավէճէն առաջ ընտրողները (55% ընդդէմ 45%) ըսած են, որ կ՚ակնկալեն, որ Տանըլտ Թրամփ աւելի լաւ հանդէս կու գայ, քան ԱՄՆ ներկայիս նախագահը։

Նշենք, որ Պայտըն-Թրամփ հեռուստաբանավէճի ընթացքին հնչած են սուր յայտարարութիւններ։

«Կ՚ուզէ՞ք երրորդ համաշխարհային պատերազմը սկսի, ուրեմն՝ թոյլ տուէք Թրամփին յաղթել ընտրութիւններուն», -ըսած է Պայտըն:

Մինչդեռ Թրամփ հակադարձած է, որ «եթէ Պայտըն վերընտրուի, ԱՄՆ-էն, որպէս երկիր, ոչինչ կը մնայ»: Ըստ հանրապետականի՝ «ան ԱՄՆ պատմութեան մէջ վատագոյն նախագահն է»:

«Մեր ուժը դաշինքի մէջ է, իսկ Թրամփ կ՚ուզէ մեզ ՆԱԹՕ-էն հանել», - շարունակած է Պայտըն:

Թրամփն ալ ըսած է, որ «եթէ ունենային իսկական նախագահ, նախագահ, որուն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կը յարգէր, ան երբեք չէր ներխուժեր Ուքրանիա»: