21 Սեպտեմբերին, ժամը 14։09-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ներքին Գործոց նախարարութեան Արտակարգ Իրավիճակներու պետական ծառայութեան ահազանգման կեդրոնը, միաժամանակ ոստիկանութեան հերթապահ մասը հաղորդում ստացած են, որ Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ համայնքի 35-ամեայ բնակիչ Վ.Ա.-ն, իր վարած «Վոլքվակըն» ինքնաշարժով վրաերթի ենթարկած է 3 անչափահաս երեխայ։
Ներքին Գործոց նախարարութեան Մարտունիի շրջանային բաժնի ծառայողները պարզած են, որ Կարմիր Շուկայ գիւղին մէջ երթեւեկելու ժամանակ, Վ.Ա.-ի ինքնաշարժին մէջ տակաւին չպարզուած հանգամանքներով, նախ պայթում յառաջացած է, ինչի հետեւանքով ան խուճապի մատնուած եւ վրաերթի ենթարկած է Կարմիր Շուկայ համայնքի 14 տարեկան երեք պատանիները։

Այնուհետեւ վարորդը, կորսնցնելով ինքնաշարժին կառավարումը, բախած է դիմացէն ընթացող ինքնաշարժին, ապա դիմած է փախուստի:
Վրաերթէն տուժած երեխաները շտապ բժշկական օգնութեան ինքնաշարժով տեղափոխուած են Արեւիկ մանկական բժշկական միաւորում։ Անոնց առողջական վիճակը բաւարար է։
Ժամը 15։40-ին Կարմիր Շուկայ համայնքի տարածքին մէջ յայտնաբերուած է վարորդ Վ.Ա.-ի դին` ծառէն կախուած վիճակի մէջ։