image

Կարմիր Խաչի աշխատակիցները այցելած են Վագիֆ Խաչատրեանին

Կարմիր  Խաչի աշխատակիցները այցելած են Վագիֆ  Խաչատրեանին

Կարմիր  Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելած են Լաչինի միջանցքին մէջ ձերբակալուած բուժառու՝ Վագիֆ Խաչատրեանին։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակը:

«Անոր հետ հանդիպած են մեր պատուիրակները, որոնցմէ մէկը բժիշկ է, եւ անոր հնարաւորութիւն տրուած է կապ հաստատելու ընտանիքի հետ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Հակարիի անցակէտէն ատրպէյճանցիները առեւանգած են Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ Հայաստան մեկնող 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանը։ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարած է, որ ան ձերբակալուած է։ Վագիֆ Խաչատրեանը, ըստ մեղադրանքի, իբր յանցաւոր խումբ ստեղծած է, որ 1991-ի 21 դեկտեմբերին մասնակցած է Խոճալուի շրջանի Մեշալի գիւղի բնակիչներու դէմ յանցագործութիւններուն: