image

«Կարմիր խաչ»ի  աշխատակիցը այցելած է Պաքուի մէջ բանտարկուած  հայ գերիներուն 

«Կարմիր խաչ»ի  աշխատակիցը այցելած է Պաքուի մէջ բանտարկուած  հայ գերիներուն 

Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան աշխատակիցները փետրուարին այցելած են Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայերուն։

Այս մասին յայտնած է Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին։

Անոնց տրուած է հնարաւորութիւն կապուելու ընտանիքներու հետ։ Տեսակցութիւններն ընթացած են առանձնազրոյցներու ձեւաչափով։

Նշենք, որ նախորդ այցելութիւնը եղած էր 2025–ի յունուարին։