Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը հարցազրոյց տուած է TF1 եւ France 2 հեռուստաալիքներուն, որոնց մէջ ֆրանսացիներուն բացատրած է արեւմտեան երկիրներէն Ուքրանիա զինուորական անձնակազմ ուղարկելու հաւանականութեան մասին իր վերջին յայտարարութիւնները։
«Մենք նպատակ ունինք՝ Ռուսիան չի կրնար եւ պէտք չէ յաղթէ այս պատերազմին։ Երկու տարի մենք օգներ ենք Ուքրանիոյ։ Եթէ ամէն ինչ վատանայ, ատոր պատասխանատւութիւնը պիտի իյնայ Ռուսիոյ վրայ», -ըսած է Մաքրոնը։
Ան ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ մէջ կը ծաւալի պատերազմ, որ գոյաբանական նշանակութիւն ունի Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի համար։
«Մենք Ռուսիոյ հետ չենք պատերազմիր։ Բայց պէտք է յստակ ըսենք՝ կարելի չէ թոյլ տալ, որ Ռուսիան յաղթէ: Այլապէս ֆրանսացիներու կեանքը պիտի փոխուի, Եւրոպայի մէջ այլեւս անվտանգութիւն պիտի չըլլայ», - հավելել է Մակրոնը:
Ան կրկնած է իր այն ձեւակերպումը, որ «չի բացառեր» ֆրանսացի զինուորականներուն Ուքրանիա ուղարկելը, սակայն նշած է, որ այս պահուն այդ մասին խօսք չկայ, եւ ամէն պարագայի անոնք պիտի չմասնակցին ոչ մէկ յարձակողական գործողութեան։