image

Կամո Ցուցուլեանը նշանակուած է ՆԳՆ ոստիկանութեան պետ, Արամ Ղազարեանը՝ ՆԳՆ փրկարար ծառայութեան պետ

Կամո Ցուցուլեանը նշանակուած է ՆԳՆ ոստիկանութեան պետ, Արամ Ղազարեանը՝ ՆԳՆ փրկարար ծառայութեան պետ

Վարչապետի որոշումներով Ներքին գործոց նախարարութեան համակարգին մէջ նշանակումներ կատարուած են։

Ներքին գործոց նախարարի առաջարկութեամբ եւ վարչապետի որոշմամբ՝ Կամո Ցուցուլեանը նշանակուած է Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան պետ-Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ։

Ցուցուլեանը մինչ այս Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան պետն էր։

Ներքին գործոց նախարարի առաջարկութեամբ եւ վարչապետի որոշմամբ՝ Արամ Ղազարեանը նշանակուած է Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան պետ-Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ։

Արամ Ղազարեանը մինչ այս Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան պետն էր։