image

Իտալիոյ վարչապետին հրաժարականը չէ ընդունուած

Իտալիոյ վարչապետին հրաժարականը չէ ընդունուած

Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլան չէ ընդունած վարչապետ Մարիօ Տրակիի հրաժարականը։ Այս մասին ըսուած է նախագահի մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Հանրապետութեան նախագահ Սերժիօ Մաթարելլան այսօր երեկոյեան Quirinale պալատէն ներս ընդունած է Նախարարներու խորհուրդի նախագահ, փրոֆեսոր Մարիօ Տրակին, որ հրաժարական ներկայացուցած է:

Նախագահը չէ ընդունած այն։ Հրաւիրած է Տրակին ելոյթ ունենալու խորհրդարանէն ներս՝ գնահատելու Հանրապետութեան Սենատին մէջ այսօր կայացած հանդիպման արդիւնքներէն բխող իրավիճակը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Լրատուամիջոցները արդէն կը յայտնեն, որ Տրակին 20 յուլիսին ելոյթ պիտի ունենայ խորհրդարանին մէջ։