image

Իսրայէլը պիտի զինենք, մինչեւ ՀԱՄԱՍ-ը ոչնչանայ. ԱՄՆ նախագահ

Իսրայէլը  պիտի  զինենք, մինչեւ ՀԱՄԱՍ-ը ոչնչանայ. ԱՄՆ նախագահ

Միացեալ Նահանգները Իսրայէլին զէնք պիտի տմատակարարէ մինչեւ ՀԱՄԱՍ-ի ամբողջական ոչնչացումը։ Դեկտեմբեր 12-ին հրէական Հանուքա տօնի կապակցութեամբ Սպիտակ տան մէջ ընդունելութեան ժամանակ այդ մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը:

«Մենք պիտի շարունակենք ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել այնքան ժամանակ, քանի դեռ Իսրայէլը չէ ազատած ՀԱՄԱՍ-էն»,-ըսած է ան, աւելցնելով, որ այդուհանդերձ, Միացեալ Նահանգները պէտք է շատ զգոյշ ըլլայ, քանի որ աշխարհի կարծիքը մէկ գիշերուան ընթացքին կրնայ փոխուիլ իսրայէլեան ռազմական գործողութիւններու բնոյթի պատճառով: «Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ այդ տեղի ունենայ»,- շեշտած է ամերիկացի առաջնորդը:

Պայտըն ընդգծած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները միաժամանակ պիտի շարունակէ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել Կազայի հատուածին. «Պիտի շարունակենք գլխաւորել Պաղեստինի խաղաղ բնակիչներուն մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային նախաձեռնութիւնը»,-շեշտած է Պայտըն:

Հանդիպման աւարտին Պայտընը խոստովանած է, որ ինքը սիոնիստ է: «35 տարի առաջ ես ըսի՝ սիոնիստ ըլլալու համար պարտադիր չէ հրեայ ըլլալ, ես սիոնիստ եմ: Կը կրկնեմ՝ սիոնիստ ըլլալու համար պարտադիր չէ հրեայ ըլլալ»,- կրկնած է Սպիտակ տան առաջնորդը։