Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշած են, որ ամերիկեան՝ Իսրայէլը պաշտպանելու աջակցութիւնը «գոյութենական» առաքելութիւն է, որ կը պահանջէ մարտական հայեցակարգի (doctirne) եւ ստորաբաժանումներու ստեղծում։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ, օրերս, հաստատած են, որ իրերայաջորդ կառավարութիւններու ուսին դրուած է հիմնական «գոյութենաբանական» առաքելութիւն մը, որն է պաշտպանել ամերիկեան աջակցութիւնը՝ Իսրայէլին, նշելով, որ այդ առաքելութիւնը կը պահանջէ մարտական հայեցակարգի (doctirne) եւ ստորաբաժանումներու ստեղծում։
Նոյն աղբիւրները, կը նշենք որ 7 հոկտեմբեր 2023-էն ասդին շարք մը հայեցակարգեր փլուզած են։ Իսրայէլի հասարակութիւնը ցնցուած է հետախուզութեան ձախողումէն եւ պետական կառոյցներու կաթուածահար վիճակէն, սակայն կայ աւելի բարձր հասկացութիւն մը, որ նոյնպէս սկսած է քանդուիլ, այն է՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները միշտ պիտի աջակցի Իսրայէլին» մօտեցումը:
Լրատուամիջոցները նոյնպէս մատնանշած են, որ «կայ լիակատար անտեսում ամերիկեան Իսրայէլին ուղղուած աջակցութեան փլուզման գործընթացի նկատմամբ, որն ընթացք առած է 20 տարի առաջ: Այդ աջակցութիւնը աստիճանաբար մաշած է՝ իսրայէլեան անտարբերութեան եւ ամբարտաւանութեան հետեւանքով»:
Աղբիւրը գրած է, որ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Իսրայէլին «գոյութեբանական է», ուստի բաւական է, որ Միացեալ Նահանգներ զերծ մնայ ՄԱԿ-ի «Անվտանգութեան խորհուրդ»էն ներս Իսրայէլին աջակցելէ ու ատոր իբր հետեւանք անոր տնտեսութիւնը կրնայ յայտնուիլ քաոսային վիճակի մէջ։ Աղբիւրը նաեւ կ՚ակնկալէ, որ «աջակցութեան փլուզման գործընթացն իր գագաթնակէտին կը հասնի ամիսներու ընթացքին, եթէ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը խոհեմութիւն չդրսեւորէ եւ վճռական քայլեր չառնէ»։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները նաեւ նշած են, որ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները միշտ պիտի աջակցի» հայեցակարգը ունի իր հայրերը՝ իսրայէլեան աջ եւ ձախ կողմերէն։ Աջը դեռ Միացեալ Նահանգները կը տեսնէ այնպէս, ինչպէս կար 20 տարի առաջ, կարծես «այն ժամանակ եղածը, նոյնն է նաեւ այսօր», եւ այս մտածելակերպէն աւելի վտանգաւոր ճակատագրական սխալ չկայ Իսրայէլի ապագային համար։ Իրենց հերթին, Իսրայէլի ձախակողմեան ուժերը մնացին «Նաթանիահուն մեղաւոր է» բարդոյթի գերին եւ «քանդեցին յարաբերութիւնները Դեմոկրատական կուսակցութեան հետ», եւ սա նոյնպէս ցաւագին սխալ է։
Միւս կողմէ իսրայէլացի վերլուծաբաններ ընդգծած են, որ իսրայէլեան աջերու եւ ձախերու կողմէ այս մտայնութիւններէն կառչիլը շատ աւելի մեծ սպառնալիք է, քան Իրանի, «Հըզպալլա»ի եւ «Համաս»ի համատեղ վտանգը, աւելցնելով, որ «Եւրոպան երկար ժամանակէ ի վեր չաջակցիր Իսրայէլին, իսկ Ռուսիան եւ Չինաստանը երբեք մեր կողմէն չեն եղած, ուստի Միացեալ Նահանգները մեր միակ ռազմավարական միակ խարիսխն է աշխարհի մը մէջ, ուր ոչ ոք հակուած է մեզի համակրելու»:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի միջեւ թշնամութիւն եղած է եւ Պայտըն վերջինս բնութագրած է որպէս «չարամիտ տղայ (այդ մասին «Արեւելք» գրած էր մանրամասն՝ այստեղ)։
Իր հերթին, «12-րդ ալիք»ի քաղաքական հարցերով վերլուծաբան Ամնոն Ապրամովիչը աւելի վաղ ըսած էր, որ եթէ Միացեալ Նահանգները չօգնէր Իսրայէլին զէնքով եւ զինամթերքով, եւ զսպող հաղորդագրութիւններ չուղարկէր Իրանին եւ «Հըզպաալլա»ին, ապա «ստիպուած պիտի ըլլայինք կռուիլ փայտերով եւ քարերով»։
Հակառակ Ուաշինկթընի եւ Թէլ Աւիւի միջեւ առկայ տարաձայնութիւններուն, Միացեալ Նահանգներ շարունակեց աջակցիլ Իսրայէլին, որուն շնորհիւ ալ Թէլ Աւիւ շարունակեց եւ դեռ ալ պատրաստ է շարունակել պայքարը «Համաս»ին դէմ։
Բացի Իսրայէլին ամերիկեան ուղղակի ռազմական աջակցութենէն, Ուաշինկթըն ջանաց տեղակայել առնուազն 12 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր՝ Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր երկիրներու մէջ, «վախնալով» «Ալ-Աքսա ջրհեղեղ»ի ճակատամարտի ընդլայնումէն եւ այլ ճակատներու ներգրաւումէն։