image

Իսրայէլի բանակը հարաւային Լիբանանի 37 բնակավայրի բնակիչներու կոչ ըրած է անյապաղ տարհանուելու

Իսրայէլի բանակը հարաւային Լիբանանի 37 բնակավայրի բնակիչներու կոչ ըրած է անյապաղ տարհանուելու

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կոչ ըրած է հարաւային Լիբանանի 37 գիւղերու եւ քաղաքներու բնակիչներուն անյապաղ տարհանուելու եւ շարժելու Աւալի գետէն հիւսիս, յայտնած է Times of Israel-ը:

Վերջին օրերուն Իսրայէլի բանակը Լիբանանի հարաւը գտնուող տասնեակ բնակավայրերու, այդ շարքին՝ Լիթանի գետէն հիւսիս գտնուողներու բնակիչներուն, կոչ ըրած է տարհանուելու:

««Հըզպալլա»-ի գործունէութիւնը կը ստիպէ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը գործելու անոր դէմ։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը չուզեր վնասել ձեզի: Ձեր անվտանգութեան համար դուք պէտք է անյապաղ տարհանուիք: Իւրաքանչիւր ոք, որ կը գտնուի «Հըզպալլա»-ի կառոյցներու կամ զէնքերու մօտ, ինքազինք վտանգի կ՚ենթարկէ», - նշած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի արաբալեզու խօսնակ Աւիչայ Ատրէյը X-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը նաեւ նշած է, որ խաղաղ բնակիչները պիտի տեղեկացնէ, երբ վերադարձը անվտանգ ըլլայ:

Տարհանումները տեղի կ՚ունենան հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ցամաքային գործողութիւններու լոյսին տակ: Ատոնց նպատակն է քանդել «Հըզպալլա»-ի ենթակառուցուածքը սահմանային գօտիին մէջ: Իսրայէլի պաշտօնեաները յայտարարած են, որ զինուորականները մտադիր են հնարաւորինս արագ աւարտել գործողութիւնները։