Միացեալ Նահանգները կրնայ յայտարարել Իսրայէլին լրացուցիչ օգնութեան մասին արդէն այսօր, CNN-ին ըսած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլիքընը։
«Մենք կը դիտարկենք իսրայէլցիներու կողմէ եղած լրացուցիչ խնդրանքները։ Կը կարծեմ, որ դուք աւելի շատ մանրամասներ կ'իմանաք այսօր աւելի ուշ»,-ըսած է ան:
Պլինքըն նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ուղղորդումն էր՝ «համոզուիլ, որ մենք Իսրայէլին կու տանք այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ է այս պահուն ՀԱՄԱՍ-ի յարձակումներուն դիմակայելու համար»։
Պլինքըն CNN-ին ըսած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները ստացած է անհայտ կորսուած եւ զոհուած ամերիկացիներու մասին հաղորդումներ, եւ վարչակազմը «արտաժամկէտ կ'աշխատի»՝ տեղեկատւութիւնը ճշդելու համար:
Ի պատասխան հանրապետականներու մեղադրանքներուն, թէ Պայտընի վարչակազմը «կը հանգստացնէ Իրանը, եւ որ իրանեան միջոցներու ապասառեցումը նպաստած է Իսրայէլի իրավիճակին», Պլինքըն կրկնած է, որ մարդասիրական նպատակներու համար նախատեսուած ապասառեցուած միջոցներէն որեւէ գումար չէ ծախսուած։
«Այսպիսով, մարդիկ կամ ապատեղեկացուած են, կամ իրենք կը մոլորեցնեն: Ցանկացած պարագայի այդ սխալ է»,-ըսած է ան։