image

Պոլսահայ քաղաքական գործիչ՝ Սելինա Տողան Պատրիարքարան այցելած է

Պոլսահայ  քաղաքական գործիչ՝ Սելինա Տողան  Պատրիարքարան այցելած է

Օրերս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալած է նախկին երեսփոխան, իրաւաբան Սելինա Տողանը։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ «Մարմարա»  պարբերականէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 8 Դեկտեմբեր 2023, Ուրբաթ, ընդունեց Իսթանպուլի նախկին երեսփոխան իրաւաբան Սելինա Տօղանի այցը։ Յարգելի հիւրը յայտնեց, որ այս այցելութեամբ եկած էր Նորին Ամենապատուութեան յայտնելու, որ իր նախկին ծառայութիւններէն ետք, փափաքած է մասնակցիլ յառաջիկայ քաղաքապետական ընտրութեանց, որպէս Կղզեաց շրջանի քաղաքապետութեան թեկնածու։

Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց, որ մեր համայնքի անդամներէն մին եւս իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ քաղաքամասի մը վարչութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու։ Վայր մը, որ յատկապէս ամրան եղանակին առաւել եւս կարեւոր կը դառնայ որպէս գիւղագնացութեան շրջան։ Մեր Հոգեւոր Պետը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրաւաբան Տօղանին՝ իր հանրանուէր գործունէութեանց մէջ։

 

 Լուրը ՝ «Մարմարա»էն