Պաղտատի մէջ ամերիկեան դեսպանատան շրջակայքը հրթիռակոծուած է, շէնքին մէջ հնչած են տագնապի ազդանշաններ, յայտնած է Shafaq news-ը՝ վկայակոչելով իրաքեան անվտանգութեան ուժերու աղբիւրը։
Այս մասին յայտնած է նաեւ Reuters-ը՝ յղում ընելով ընկերային ցանցերու մէջ տեղադրուած տեսանիւթերուն եւ իրազեկ աղբիւրին։ Զոհերու կամ աւերածութիւններու մասին տեղեկութիւններ չկան:
Հոկտեմբեր 17-էն նոյեմբեր 25-ն ինկած ժամանակահատուածին Միացեալ Նահանգներու զօրքերը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ենթարկուած են 73 յարձակման: Փենթակոնը յայտնած է, որ յարձակումներու հետեւանքով ոչ ոք տուժած է:
Հոկտեմբեր 7-ին Իսրայէլը պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման դէմ պատերազմ սկսելէ ետք ամերիկեան ռազմակայաններու վրայ յարձակումները յաճախակի դարձած են: Ատոնց պատասխանատւութիւնը ստանձնած է «Իրաքի իսլամական դիմադրութիւն» շարժումը, որուն կ՚աջակցի ՀԱՄԱՍ-ը։ Սուրիոյ մէջ կայ մօտ 900 ամերիկացի զինծառայող, Իրաքի մէջ՝ 2,5 հազար։