Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեան, օրերս հովուական այց մը տուած է Իրաքեան Քիւրտիստեանի հատուածը, ուր նաեւ պատարագ մատուցած է «Տհոք» շրջանին մէջ։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
Կիրակի օր, Հոկտեմբեր 13ին, Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին և Տհօքի Սբ. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ հիմնադրման 16րդ ամեակի զոյգ առիթներով Իրաքահայ Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանի կողմէ Սբ. Պատարագ մատուցուեցաւ Տհոքի յիշեալ եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագի աւարտին գրական գեղարուեստական բաժինով նախ ներկայացուեցաւ եկեղեցւոյ պատմականն ու գործունէութիւնը հիմնադրութենէն այսօր, ապա ելոյթ ունեցան եկեղեցւոյ դպրաց դասն ու կիրակնօրեայի փոքրիկները։
Այս հանդիսութեանց ներկայ եղան` Տհօքի, Էրպիլի և Զախոյի Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, Տհոքի Քաղդէացիներու, Նեստորականներու և Ասորեստանի հին Արևելեան եկեղեցւոյ առաջնորդները, Գաբնի կազմակերպութեան պատասխանատու աւագ երէցը, Քիւրտական Մարզի մէջ ՀՀ հիւպատոսը, Հիւսիսային շրջանի (Զախօ, Իրպիլ, Աւզրուկ, Հաւրէզք) Թաղական խորհուրդներու ատենապետներն ու անդամները ինչպէս նաև այլ հիւրեր և հաւատացեալներ։