Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, պաշտօնական այցելութիւն տուած է Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան յանձնակատար տիար Իյատ ալ-Հազաային։ Հանդիպման ընթացքին փոխանցուած են Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները, իսկ քննարկումներու առանցքը կազմած են Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը, սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յառաջիկայ ծրագիրները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ Դեսպանատան յանձնակատար տիար Իյատ ալ-Հազաային, Դեսպանատան մէջ։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային Վարչութեան ատենապետ երկրչփ. Տարօն Մակարեան, Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ տիար Վրէժ Եագուպեան եւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամ մեթր Նորա Գրաճեան։
Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դեսպանատան յանձնակատարին փոխանցեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները, յայտնելով, որ Կաթողիկոսութիւնը աշխարհատարած իր թեմերով եւ ազդեցիկ ներգործութեամբ մշտապէս զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ ժողովուրդին։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան նիւթեր, ի մասնաւորի սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ նախատեսուած յառաջիկայ ծրագիրները։
Յանձնակատարը հաստատեց, որ սուրիահայութիւնը յատկապէս վերջին հարիւր տարիներուն շինիչ դերակատարութին ունեցած է Սուրիոյ տարբեր ոլորտներու բարգաւաճման մէջ։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնելով խոստացաւ յառաջիկային այցելութիւն տալ Վեհափառ Հայրապետին։
