Իրաքեան Քիւրտիստանի ինքնավար շրջանի Տհուք նահանգի հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող Սարսանկ նաւթահանքին մէջ պայթում մը տեղի ունեցած է։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է իրաքեան Shafaq լրատուական հեռուստաալիքը։
Հանքավայրին մէջ գործող ամերիկեան HKN Energy նաւթային ընկերութիւնը իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ Յուլիս 15-ի առաւօտեան, մօտաւորապէս ժամը 7:00-ին, Սարսանկի հանքավայրին մէջ անյայտ պատճառրով պայթում մը տեղի ունեցած է, որուն հետեւանքով հանքի գործունէութիւնը դադրած է։
«HKN Energy-ն կը հաստատէ միջադէպը Սարսանկի հանքավայրին մէջ. անձնակազմի բոլոր անդամները անվնաս են։ Միջադէպի պատճառը ներկայիս կը հետաքննուի։ HKN Energy-ն սկսած է վնասներու ամբողջական գնահատման գործընթաց մը եւ սերտօրէն կը համագործակցի տեղական իշխանութիւններու եւ համապատասխան շահագրգիռ կողմերու հետ՝ արձագանգը կառավարելու եւ շրջակայ համայնքներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար», – նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ընկերութիւնը պայթումին հետեւանքով զոհերու մասին տեղեկութիւն չէ հաղորդած, սակայն նշած է նիւթական վնասներու մասին։ Հրշէջները աշխատած են կրակը մարելու ուղղութեամբ։
Տեղեկութիւններ կը հաղորդուին նաեւ, որ Քիւրտիստանի շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ գտնուող Խորմալայի նաւթահանքը Յուլիս 14-ի երեկոյեան ենթարկուած է յարձակման՝ երկու պայթուցիկ նիւթերով լեցուն անօդաչու թռչող սարքերով։ Յարձակման հետեւանքով մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած։