image

Իրաք ապասառեցուցած է Իրանեան դրամագլուխները

Իրաք  ապասառեցուցած է Իրանեան դրամագլուխները

Իրանի իշխանութիւնները հասանելիութիւն ստացած են մօտ 2,7 միլիառ տոլարի աւանդներու, որոնք նախապէս արգելափակուած էին Իրաքի դրամատուներուն մէջ:

Այս մասին Tasnim լրատուական գործակալութեան յայտնած է իրանա-իրաքեան առեւտուրի համատեղ պալատի ղեկավար Եահիա ալ Իսհաքը։

Պաշտօնեան ըսած է, որ Իրաքի մէջ իրանեան սառեցուած աւանդներու մէկ մասը յատկացուած է իրանցի ուխտաւորներու համար անհրաժեշտ միջոցները ապահովելու համար, իսկ միւս մասն օգտագործուած է հիմնական սնունդի դիմաց վճարելու համար:

Իրան-Իրաք համատեղ առեւտուրի պալատի ղեկավարը նշած է, որ Իրանի չմարուած ներդրումներու մէկ մասը վճարելու Իրաքի կառավարութեան արտօնագիրը միանշանակ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ շուկաներու վրայ, քանի որ բաւարարուած են Իրանի Կեդրոնական դրամատան պահանջները, եւ երկրին մէջ անհրաժեշտ հիմնական ապրանքները ձեռք բերուած են աւանդներու միջոցով: