image

Իրանի մէջ հսկայածաւալ ցոյցեր են

Իրանի մէջ հսկայածաւալ ցոյցեր են

Իրանցի կանայք կը կտրեն իրենց վարսերն ու ցուցադրաբար կ'այրեն «հիճապ»ները, մինչ երկրին մէջ կը տարածուի բողոքի ցոյցերու ալիքը, գրած է Daily Mail-ը՝ մանրամասնելով, որ ցոյցերու պատճառը 22-ամեայ Մահսա Ամինիի մահն է:

Աղջիկը բերման ենթարկուած է Իրանի խիստ իսլամական «տրես քոտ»ի պահպանման հետեւող ոստիկանութեան կողմէ: Աղբիւրի պնդմամբ՝ ոստիկաններն աղջկան քաշած են դէպի ծառայողական մեքենայ ու, ըստ տեղեկութիւններու, կտտանքներու ենթարկած են: Ցուցարարներու պնդմամբ՝ աղջիկը ոստիկանական բաժանմունքին մէջ զօրաւոր հարուած ստացած է գլուխէն, սակայն ոստիկանութիւնը կը հերքէ:

Բրիտանական պարբերականը գրած է, որ ասոնք վերջին տարիներու ընթացքին Իրանի մէջ ամենալուրջ բողոքի ցոյցերն են: Համացանցի մէջ հրապարակուած տեսանիւթերէն մէկուն մէջ ցուցարարները կը յարձակին ոստիկաններու վրայ, անոնցէ մէկուն գետին կը նետեն: Մէկ այլ տեսանիւթի մէջ ցուցարարները կը պատռեն գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամէնէիի եւ միւս ղեկավարներու պատկերներով պաստառները:

Պարբերականը գրած է, որ ցոյցերու ընթացքին կայ առնուազն երեք զոհ:

Հակակառավարական ցոյցերը տարածուած են Թեհրան, Մաշատ, Համետան, Թաւրիզ, Արաք, Ռաշթ, Քազուին, Զանճան եւ Իլամ քաղաքներուն մէջ: