Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած է, որ Հայաստանի կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդի աջակցութիւնը Իրանի ժողովուրդին՝ իրանցիներու տեղափոխման եւ մարդասիրական օգնութեան հարցերով, մեծ գնահատանքի արժան է։ Արաքչին այդ մասին գրառում կատարած է X-ի իր էջին վրայ հայերէնով։
«ՀՀ կառավարութեան եւ ժողովրդի աջակցութիւնը Իրանի ժողովրդին՝ իրանցիների տեղափոխման եւ մարդասիրական օգնութեան հարցերում, մեծ գնահատանքի է արժանի։ Իրանի եւ Հայաստանի դարաւոր կապը դժուար պահին կրկին ցոյց տուեց իր ամրութիւնը, եւ եղբայրական այս քայլերը կը մնան Իրանի ժողովրդի յիշողութեան մէջ», – գրեց Արաքչին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախապէս տեղեկացուցած էր, որ Հայաստանէն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկուած է Իրան, որ հիմնական դեղորայքի պարունակած է։