image
Հրատապ լուրեր:

Իրան պատրաստ է բաւարարել տարածաշրջանի դէպի ծով ելք չունեցող երկրներու՝ նաեւ Հայաստանի տարանցիկ կարիքները

Իրան պատրաստ է բաւարարել տարածաշրջանի դէպի ծով ելք չունեցող երկրներու՝ նաեւ Հայաստանի տարանցիկ կարիքները

Իրան պատրաստ է բաւարարել տարածաշրջանի դէպի ծով ելք չունեցող 8 երկիրներու տարանցիկ կարիքները։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ռոսթամ Ղամէմին՝ Թրքմենստանի մէջ դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու փոխադրային ֆորումին։

«Աշխարհի 32 զարգացող երկիրներու քառորդը, որոնք ելք չունին դէպի ծով, այսինքն՝ 8 երկիրներ՝ Աֆղանստան, Հայաստան, Ատրպէյճան, Ղազախստան, Ղրղըզստան, Տաճիկստան, Թուրքմենստան եւ Ուզպեքստան, ունին սերտ երկկողմ եւ բազմակողմ տարանցիկ փոխգործակցութիւն Իրանի հետ»,- նշած է ան։

Ըստ անոր՝ այդ կը նշանակէ, որ Իրանը եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներ կ'օգնեն դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներուն՝ կրճատելու առեւտուրի ծախսերն ու դիւրացնելու մուտքը դէպի համաշխարհային շուկայ: