Իրանի ռազմածովային ուժերը ԱԹՍ-ներու օգնութեամբ հարուածներ հասցուցած են Քուէյթի մէջ գտնուող ամերիկեան «Ալ-Ուտայրի» ռազմական ճամբարին: Այս մասին յայտնած է Իսլամական հանրապետութեան «Խաթամ-օլ-Անպիա» հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու կեդրոնական շտաբի ներկայացուցիչը։
«Քուէյթի «Ալ-Ուտայրի» ճամբարին մէջ ամերիկացի ահաբեկիչներու տեղակայման վայրը նոյնպէս դարձած է Ռազմածովային ուժերու կամիկաձէ-տրոններու հարուածներու թիրախ», -անոր խօսքերը մէջբերած է Tasnim գործակալութիւնը: