image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարենորոգման նախաձեռնութեան միացող քահանաները

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարենորոգման նախաձեռնութեան միացող քահանաները

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարենորոգման նախաձեռնութեան միացողներու թիւը կ՚աւելնայ։

Քահանաները կը շարունակեն միանալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Բարենորոգման նախաձեռնութեան: Այս մասին կը տեղեկանանք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարենորոգման դիմատետրի էջէն:

Երուանդ քահանայ Բաբայեանը, Տէր Սմբատ քահանայ Աբրահամեանը, Տէր Ժիրայր քահանայ Խաչատրեանը, Տէր Դանիէլ քահանայ Տէրտէրեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Հայր Արիստակես վարդապետ Այվազեանը, Թովմաս սարկաւագ Մարտիկեանը, Տէր Համազասպ քահանայ Հագէյեանը, Տէր Շնորհք քահանայ Մարտիրոսեանը յայտարարած են՝ կը միանան Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարենորոգումներու արդար պահանջին։

Նաեւ հաղորդուած է, որ Նոր Գեղիի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւս միացած է Եկեղեցւոյ բարենորոգումներու արդար պահանջին։