Կիպրահայ համայնքային գործիչ՝ Երան Գույումճեան կը գրէ՝
Մենք երեսուն տարուան մէջ, պիտի ազատագրէինք ամբողջ Արցախը, բայց ցաւօք, զայն կորսնցուցինք՝ մեր գզուըռտոցներով, մեր թալանով ու կողոպուտով, մեր ես-երու եւ խմբակային շահերու նկատառումներով, կուսակցական-հատուածական պառակտումներով, մեր անմիաբանութեամբ, մեր ամբարտաւան եւ գոռոզամիտ վարքով, օտարամոլութեամբ, եւ ընչաքաղցութեամբ, համազգային-պետական ծրագրի ու ռազմավարութեան բացակայութեամբ, պետութիւն վարելու գործը շփոթելով կուսակցավարութեան հետ...
Կանգ առնենք պահ մը եւ քննական մտածողութեամբ նայինք մեր ըրած-չըրածին, ճանչնանք վերջապէս մենք զմեզ, ընդունինք մեր սխալները, դասեր քաղենք անոնցմէ, քանզի մենք ա՛լ սխալուելու իրաւունք չունինք ազգովին: Այս պարտութիւնը պէտք է առաւել ոյժ եւ կամք դարբնէ մեր մէջ հզօրանալու եւ կորսուածը ետ բերելու: Աստուած մեզ պահապան: