image

Ինչո՞ւ Քոսովոն եւ ոչ Արցախը. Արցախցի գործիչին դիտարկումը

Ինչո՞ւ Քոսովոն եւ ոչ  Արցախը. Արցախցի  գործիչին դիտարկումը

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեկլարեանը թելեկրամեան իր ալիքով գրառում կատարած է, որուն մէջ հարց բարձրացուցած է, թէ ինչու Քոսովոն կրնայ օգտուիլ փրկութեան ու փոխհատուցման միջազգային մեխանիզմէն, իսկ Արցախը` ոչ:

Արտակ Բեկլարեանը նշած է, որ հաճելի էր լսել, թէ ինչպէս Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ կը խօսէր Քոսովոյի հարցով Միջազգային դատարանի խորհրդատուական եզրակացութեան մասին:

Ըստ անոր` այդ, անշուշտ, նախադէպային որոշում էր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք կ'ապրին գոյաբանական սպառնալիքի տակ եւ կը պայքարին ինքնորոշման իրաւունքի համար: Բեկլարեանը նաեւ նշած է, որ այդ ժողովուրդներու շարքին մէջ Արցախի բնիկ ժողովուրդը առաջնային դիրքերուն մէջ է:

«Աւելորդ է անգամ փաստարկներ բերել, թէ տասնամեակների ընթացքում Արցախի հայութիւնն ցեղասպան ինչ քաղաքականութեան է ենթարկուել, այդ թւում` Ատրպէյճանի եւ Արցախի հայերի ցեղային զտումներ, հայրենազրկում, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, հայատեացութեան համակարգային քաղաքականութիւն եւ մի շարք այլ գոյութենական սպառնալիքներ, որոնց մասին վկայում են ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանի որոշումը, ինչպէս նաեւ միջազգային բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւնների նմանատիպ արձանագրուած փաստերը», գրած է ան:

«Իսկ հիմա հռետորական հարցը` ինչո՞ւ Քոսովոն կամ միջազգայնօրէն չճանաչուած այլ երկրներ պէտք է օգտուեն փրկութեան ու փոխհատուցման այս միջազգային մեխանիզմից, իսկ Արցախը, որը համապատասխանում է միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշներին, ոչ», գրած է Բեկլարեանը` յաւելելով, որ պէտք չէ մոռնալ այն բազմաթիւ դէպքերը, երբ միջազգային հանրութիւնը չէր կատարեր իր կանխարգելիչ պարտականութիւնները, որու հետեւանքով տարբեր ժողովուրդներ ցեղասպանութեան կ'ենթարկուէին: