image

Ինչպէս Թուրքիան հարուածեց Մելգոնեան Վարժարանը

Ինչպէս Թուրքիան հարուածեց Մելգոնեան Վարժարանը

Կիպրահայ  Երան Գույումճեան կը  գրէ.

Առաւօտ է, բայց սովորական առաւօտ չէ...Ժամը 5-ին առտուան՝ ահազանգը ազդարարեց որ ճիշդ այս օրը, տարիներ առաջ, 20 Յուլիս 1974-ին, Թուրքիան ներխուժեց այս փոքր կղզին, բռնագրաւեց անոր մէկ երրորդը եւ կղզիին բնակչութեան մէկ երրորդը գաղթական դարձուց իր իսկ հայրենիքին մէջ...Թո՛ւրքը, այո՛, նոյն թուրքը, անգամ մը եւս բացայայտեց իր գայլային էութիւնը յաչս Եւրոպայի եւ համայն աշխարհին:  Մեր սիրելի Մելգոնեանն ալ անմասն չմնաց այս արհաւիրքէն...Առաջին ռումբերը նետուեցան անոր վրայ, իբր թէ սխալմամբ...հրկիզուեցաւ տղոց շէնքի վերի յարկը գրեթէ ամբողջութեամբ...Բարեբախտաբար, ամառ ըլլալուն, աշակերտ չկար...Եւ այսպէս, այսօր այդ տխուր թուականին հերթական  տարելիցն է ...Մենք երբեք պիտի չմոռնանք թուրքին հայաջինջ քաղաքականութիւնը...իսկ Մելգոնեանի փակումը առաջինը ուրախացուց Թուրքիան եւ...բայց ա՛յդ ուրիշ պատմութիւն է...: Ցաւալի իրականութիւն է, որ թուրքին չըրածը լրացուցինք ՄԵՆՔ՝ հայանուն մարդիկ, փակելով լուսոյ տաճարի դռները..., որ հայակերտումի եւ հայապահպանման գիշերօթիկ բացառիկ օճախ մըն էր, որ հայ ոգիի ջահը կը փոխանցէր սերունդէ սերունդ եւ Մեսրոպեան լոյսը կը տարածէր աւելի քան 20 հայագաղութներուն մէջ: 

 (Յապաւուած)