image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը չի յաւակնիր համաշխարհային բոլոր գործերուն խառնուելու․ Փաշինեան

Հայաստանը չի յաւակնիր համաշխարհային բոլոր գործերուն խառնուելու․ Փաշինեան

Հայաստանը չի պատրաստուիր արձագանգելու բոլոր միջազգային յայտարարութիւններուն եւ չի յաւակնիր համաշխարհային բոլոր գործերուն խառնուելու։

Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք պիտի արձագանգէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովի ժամանակ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի յայտարարութիւններուն, ուր ան, ըստ ռուսական կողմի, սպառնացած էր Ռուսիոյ Դաշնութեան։

Եւրոպական քաղաքական համայնքի երեւանեան գագաթնաժողովի ժամանակ, որ կայացած է մայիս 4-ին, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած էր, որ մայիս 9-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք զօրահանդէսի ընթացքին ուքրանանական ԱԹՍ-ները պիտի ըլլան Կարմիր հրապարակի երկինքին մէջ։ Ռուսական կողմէն Հայաստանի իշխանութեան հասցէին քննադատութիւններ հնչած էին առ այն, որ անոնք չեն արձագանգած Զելենսքիի յայտարարութիւններուն։

Վարչապետը նշած է, որ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովը բազմակողմ հարթակ է, եւ հիւրընկալող երկրի ղեկավարի կարգավիճակը չի նշանակեր, որ ինքը պէտք է արձագանգէ բոլոր ելոյթներուն։

«Չեմ կարծում, թէ հիւրընկալող երկրի Կառավարութեան ղեկավարի կարգավիճակով պէտք է գրաքննեմ կամ պարտադիր ամէն ինչի արձագանգեմ»,-յայտարարած է Փաշինեանը։

Անոր խօսքով՝ նման հարթակներու վրայ տարբեր առաջնորդներ կ՚արտայայտեն իրենց դիրքորոշումները։

«Եղել է նաեւ, որ իմ ներկայութեամբ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը յայտարարութիւններ է արել տարբեր երկրների վերաբերեալ, բայց ես չեմ յիշում, որ Ռուսաստանը ինձնից ակնկալեր, որ ես արձագանգէի այդ յայտարարութիւններին»,- նշած է վարչապետը։

Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանը միաժամանակ կ՚անդամակցի տարբեր միջազգային կառոյցներու, սակայն այդ չի նշանակեր, որ պէտք է ներգրաւուի բոլոր համաշխարհային հակամարտութիւններուն մէջ։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպական քաղաքական համայնքի անդամ երկիր է, ԵԱՏՄ անդամ երկիր է, ԱՊՀ անդամ երկիր է, բայց դա չի նշանակում, որ մենք յաւակնում ենք համաշխարհային բոլոր գործերին խառնուել»,-ըսած է ան։

Վարչապետի խօսքով՝ Հայաստանը փոքր երկիր է եւ կը կեդրոնանայ իր օրակարգերու վրայ։

«Մենք փոքր երկիր ենք՝ մեր փոքր օրակարգերով, եւ միշտ չէ, որ մենք համարում ենք, որ պէտք է գլոբալ հարցերի շուրջ առաջ ընկնել եւ յայտարարութիւններ անել»,- յայտարարած է Փաշինեանը։

Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանը կը փորձէ իր համեստ դերակատարումը ունենալ համաշխարհային կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման գործին մէջ։