«Մենք նպատակ չենք ունեցած ոչնչացնելու Հայաստանը կամ անկէ խլելու անկախութիւնը»,- մայիս 10-ին քաղաքացիներու հետ զրոյցին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
«Այսօր ալ Եւրոպայի այսպէս կոչուած դիտորդները, ենթադրաբար, կը շարունակեն վերահսկել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանը։ Ես այն ժամանակ ալ կ՚ըսէի՝ եթէ մենք թէկուզ մէկ կրակոց արձակէինք, անոնք անմիջապէս կը փախէին, եւ այնտեղ անոնցմէ նոյնիսկ հետք չէր մնար։ Սակայն անոնք իրենց կը պահեն այնպէս, կարծես մեզմէ կը պաշտպանեն Հայաստանը։ Հայաստանը մեզմէ պաշտպանելու կարիք չկայ։ Մենք հասեր ենք այն ամէնուն, ինչ նպատակադրած էինք»,-ըսած է ան։