Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տեսանիւթեր հրապարակած է Հանրապետութեան օրը՝ մայիս 28-ին կայանալիք զօրահանդէսի փորձէն։
Տեսանիւթերէն մէկուն մէջ կը ցուցադրուի հայկական արտադրութեան հետախուզահարուածային անօդաչու թռչող սարք։
Տեսանիւթերէն միւսով, հաւանաբար, ցուցադրուած է Ֆրանսայէն ձեռք բերուած CAESAR հրետանային համակարգերը։
Մայիս 28-ին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ նախատեսուած է զօրահանդէս, որու ժամանակ պիտի ցուցադրուի վերջին տարիներուն Հայաստանի ձեռք բերած սպառազինութիւնը։
Մարտ 26-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր, որ Մայիս 28-ին տեղի պիտի ունենայ ոչ այնքան զօրահանդէս, որքան հաշուետւութիւն ՀՀ քաղաքացիներուն։