Լիբանանի մէջ ստեղծուած պատերազմական եւ անապահով իրավիճակը կը շարունակէ իր անմիջական ազդեցութիւնը ունենալ երկրի առօրեայ կեանքին վրայ, ներառեալ կրթական համակարգը։ Անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնած՝ բազմաթիւ հաստատութիւններ ստիպուած են ժամանակաւոր լուծումներ որդեգրել՝ պահպանելու համար իրենց գործունէութեան շարունակականութիւնը։ Այս պայմաններուն մէջ, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանն ալ որոշեց իր ուսուցման ընթացքը փոխադրել առցանց հարթակ, ապահովելու համար աշակերտներու կրթութեան անընդհատ ընթացքը։
Մեսրոպեան Վարժարանը Անցաւ Առցանց Ուսուցման Դրութեան
In light of the current security situation in Lebanon, Mesrobian School is shifting to online learning until further notice.
5 Մարտ 2026-ին, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը անցաւ ուսուցման առցանց դրութեան, Հարաւի, մայրաքաղաքին եւ երկրի այլ շրջաններուն մէջ տիրող պատերազմական եւ անապահով իրավիճակին բերումով:
Առաջին հերթին, առցանց դրութեամբ դասերը վերսկսան երկրորդական բաժինի երեք բարձրագոյն դասարաններուն համար: Մեր ուսուցիչները վարեցին դասերը դպրոցէն, աշակերտներուն հետ ուղղիղ հաղորդակցութեամբ: Նոյն դրութեան պիտի միանան միջնակարգի երեք դասարանները՝ շուտով:
Զուգահեռաբար, եւ ղեկավարութեամբ տնօրէնի կրթական խորհրդատու դոկտ. Քոլէթ Աունի, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցչական կազմը կայացուց հանդիպումներ, կանոնակարգելու համար ուսուցման դրութիւնը այս բաժիններուն համար, որուն համար պիտի օգտագործուի դպրոցի առցանց պարտականութիւններու տեղադրման համակարգը:
Կը յուսանք, որ մեր աշակերտներն ու ծնողները արագօրէն կը յարմարին այս դրութեանց, առաւելագոյնս ապահովելու համար կրթութեան շարունակականութիւնը:



