Իրանի իշխանութիւնները հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ ընթացիկ հաղորդագրութիւններու փոխանակման ժամանակ չեն շօշափեր հանրապետութեան միջուկային ծրագրին առնչուած հարցեր։ Այս մասին յայտնած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային։
«Այս փուլին մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած է պատերազմի աւարտին վրայ։ Ինչ կը վերաբերի միջուկային հարցին, Իրանի նիւթերուն եւ հարստացման առնչուած թեմաներուն, թէ ինչ որոշումներ պիտի առնուին եւ ինչ տարբերակներ պիտի քննարկուին, ատիկա այն հարցն է, զոր մենք անպայման պիտի քննարկենք, երբ ժամանակը գայ»,- ըսած է ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։