«Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը գլխաւորող Արման Թաթոյեանը քարոզարշաւի չորրորդ օրը ներկայացուցած է քաղաքական ուժի ծրագրի կէտերէն մէկը՝ ուղղուած բազմազաւակ ընտանիքներու աջակցութեան։
Թաթոյեանը յայտարարած է՝ չորրորդ եւ իւրաքանչիւր յաջորդ երեխայի համար մարզի մէջ բնակարան պիտի տրուի։
«Բազմազաւակ ընտանիքին, չորրորդ երեխայից սկսած, կը տրամադրենք անվճար բնակարան մարզերում։ Սա շատ կարեւոր եւ հաշուարկուած մեր ծրագիրն է, որը պարտադիր պէտք է իրականացուի։ Մենք պէտք է խրախուսենք մեր ընտանիքներին, որ շատ ընտանիքներ կազմուեն, շատ երեխաներ ունենան։ Մեր բնակչութիւնը պէտք է շատանայ ու դրանով մեր պետութիւնն ուժեղանայ։ Դա կարեւոր է ապագայի համար»,- ընկերային ցանցային տեսանիւթով յայտարարած է ան։
Արման Թաթոյեանի խօսքով՝ բազմազաւակ ընտանիքներու համար նախատեսուած են նաեւ հարկային արտօնութիւններու հետ կապուած այլ ծրագիրներ, որոնք եւս փուլ առ փուլ պիտի ներկայացուին։
Մայիս 8-ին մեկնարկած է յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յունիս 5-ը։ Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար գրանցուած է 19 քաղաքական ուժ՝ 2 դաշինք եւ 17 կուսակցութիւն։
Արման Թաթոյեանի գլխաւորած «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան քուէաթերթիկի համարն ընտրական ցուցակին մէջ 6-րդ է, ցուցակին մէջ ընդգրկուած են 80 թեկնածու: