Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Արեւմտեան թեմի և Քալիֆորնիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ ոգեկոչման ձեռնարկներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանը եւ Թեմի հոգեւոր դասը։
Ապրիլ 12-ին, Ararat Eskijian Museum and Research Center-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն եւ ցուցահանդէս՝ «We Will Raise Monuments in our Hearts» խորագիրով, Արարատ Տան մատրան մէջ։ Ձեռնարկը համախմբեց հաստատութեան պատասխանատուներն ու համայնքային ներկայացուցիչներ, ուր ներկայացուեցաւ հայոց պատմական յիշողութեան եւ մշակոյթին նուիրուած բովանդակալից ծրագիր մը։ Ձեռնարկին Սրբազան Հայրը ներկայացուց Արժ. Տ. Եղիա Քհնյ. Իսայեանը։
Ապրիլ 20-ին, Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի պաշտօնական ձեռնարկ մը, ուր ներկայ էին նահանգային պաշտօնատարներ, համայնքային ներկայացուցիչներ եւ հոգեւորականներ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Սաքրամենտոյի Սուրբ Յակոբ Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Եղիշէ Քահանայ Քսաճիկեան մասնակցեցաւ նիստին եւ կատարեց բացման աղօթքը՝ կոչ ուղղելով ներկաներուն յիշելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները եւ վերանորոգելու արդարութեան ու ճշմարտութեան նկատմամբ հաւատքը։ Նոյն առիթով, Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ժողովի անդամ Nick Schultz ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի բանաձեւը, վերահաստատելով պատմական յիշողութեան պահպանման եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։
Ապրիլ 22-ին, տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկներ Glendale Adventist Medical Center-ի եւ Providence St. Joseph Medical Center-ի մէջ։ Այս առիթով, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեան ներկայացուց Սրբազան Հայրը եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ ձեռնարկներուն։ Նշեալ բժշկական հաստատութիւնները, ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ապրիլեան ոգեկոչումներուն՝ ընդգծելով յիշողութեան, մարդասիրութեան եւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով հայկական համայնքին։ Ձեռնարկները տեղի ունեցան յարգանքի եւ հոգեւոր լռութեան մթնոլորտի մէջ, վերահաստատելով պատմական յիշողութիւնը ամրագրելու եւ մարդկային արժէքները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։
Ապրիլ 23-ին, Կլէնտըլի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական Սուրբ Պատարագ՝ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական Եկեղեցիներու Առաջնորդներու մասնակցութեամբ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան եւ օրուայ պատգամը փոխանցեց Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արք․ Խաչերեան։
Ապրիլ 23-ին, City of Glendale-ը կազմակերպեց իր 25-րդ տարեկան Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութիւնը Alex Theatre-ի մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան պետական եւ տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, համայնքային կառոյցներու անդամներ եւ մեծ թիւով հայորդիներ։ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանը այս հանդիսութեան ներկայացուցին Արժանապատիւ Տէր Մանուկ Աւագ Քահանայ Մարգարեանն ու Արժանապատիւ Տ. Եղիա Քհնյ. Իսայեանը։ Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթներ ունեցան պետական պաշտօնատարներ, շեշտելով պատմական արդարութեան, յիշողութեան պահպանման եւ նոր սերունդներուն մէջ ազգային գիտակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։ Տարեկան այս կարեւոր ձեռնարկը դարձած է Կլէնտըլ քաղաքի կեանքին մէջ հաստատուած աւանդութիւն մը, որ կը միաւորէ համայնքը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակին։
Ապրիլ 23-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Northridge Hospital Medical Center-ի մէջ, ուր Սրբազան Հայրը ներկայացուց Տէր Վազգէն Քահանայ Մովսիսեանը։ Ձեռնարկին ներկայ էին հիւանդանոցի վարչական կազմի ներկայացուցիչներ, բժշկական անձնակազմը եւ համայնքային պատասխանատուներ, որոնք միասնաբար յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներուն։ Արարողութեան ընթացքին կատարուեցան խօսքեր, շեշտելով հաւատքի, յիշողութեան եւ մարդկային արժէքներու պահպանման կարեւորութիւնը։
Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած յիշատակի ոգեկաչման ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան նաեւ ՀԲԸՄ սկաուտական միութեան անդամներ։ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեան այս առթիւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։ Սկաուտները իրենց ներկայութեամբ եւ կարգապահ մասնակցութեամբ արժեւորեցին ձեռնարկը՝ վկայելով նոր սերունդի ներգրաւուածութիւնը ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման գործին մէջ։ Ձեռնարկը դարձաւ միասնականութեան եւ յիշողութեան խորհրդանշական դրսեւորում մը, ուր հաւատացեալ ժողովուրդը միասնաբար ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը։
Ապրիլ 24-ին, UCLA Armenian Students Association-ի եւ USC Armenian Students Association-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ UCLA Fowler Museum Courtyard-ի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ժողովրդային հաւաք եւ մոմավառութիւն, որուն մասնակցեցան ուսանողներ, դասախօսներ եւ համայնքային ներկայացուցիչներ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Սրբոց Առաքելոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեան։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ խորհրդածութեան եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ՝ շեշտելով պատմական ճշմարտութեան պահպանման, յիշողութեան փոխանցման եւ երիտասարդ սերունդի ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման գործին մէջ։
Ապրիլ 24-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի շաբաթուան (Genocide Awareness Week) եզրափակիչ ձեռնարկին առիթով, Արիզոնայի մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային ծրագիր մը Melikian Hall-ի մէջ, կազմակերպութեամբ Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Ձեռնարկներու այս շարքին գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Զաքարիա Քահանայ Սարիբեկեանը։ Շաբաթուան ընթացքին՝ Ապրիլ 20-էն մինչեւ 24, կազմակերպուեցան բազմաբնոյթ միջոցառումներ, ներառեալ դասախօսութիւններ Arizona State University-ի մէջ՝ տարբեր համալսարաններէ հրաւիրուած դասախօսներու մասնակցութեամբ, ֆիլմի ցուցադրութիւն մը Scottsdale Community College-ի մէջ, ինչպէս նաեւ «Survivor Walk» յուշերթը՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներուն։ Ձեռնարկներու ամբողջ շարքը կը միտէր ոչ միայն յիշատակելու սուրբ նահատակները, այլեւ կրթական եւ համայնքային հարթակներու վրայ ամրապնդելու պատմական ճշմարտութեան գիտակցութիւնը եւ նոր սերունդի ներգրաւուածութիւնը։
Ապրիլ 24-ին, Armenian Genocide Martyrs Memorial Monument-ի մօտ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած մեծաշուք ոգեկոչման արարողութիւնը, որ համախմբեց հոգեւոր Առաջնորդներ, պետական եւ համայնքային բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ բազմահազար հաւատացեալներ։ Ձեռնարկին մասնակցեցաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ միասնական աղօթք։ Ներկայ էին ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամ Judy Chu, Քալիֆորնիոյ նահանգային սենատոր Bob Archuleta, ինչպէս նաեւ Կլենտելի քաղաքապետ Ardy Kassakhian, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ, ներառեալ Jack Hadjinian, եւ Լոս Անճելըս շրջանի վարչական մարմիններու անդամներ։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ սկաուտական միութիւններ, որոնք իրենց մասնակցութեամբ արժեւորեցին համազգային այս ոգեկոչումը։ Արարողութիւնը վերահաստատեց հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը՝ պահպանելու պատմական յիշողութիւնը եւ շարունակելու արդարութեան պահանջը։
Ապրիլ 25-ին, Վան Նայսի Քաղաքապետարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ոգեկոչման եւ մշակութային ձեռնարկ մը, որ համախմբեց Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայ համայնքի զաւակները, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Ձեռնարկը նպատակ ունէր յարգելու մեր սուրբ նահատակներու յիշատակը եւ արժեւորելու հայ ժողովուրդի անխորտակելի կամքը, հաւատքն ու մշակութային ժառանգութիւնը։ Օրուան ընթացքին հնչեցին յուշախօսութիւններ, ներկայացուեցան մշակութային ելոյթներ եւ բանաստեղծական ընթերցումներ, որոնք արտայայտեցին հայ ժողովուրդի տոկունութիւնը եւ յարութեան հաւատքը։ Առիթին Սրբազան Հայրը ներկայացուց Վան Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւի Օգնական Արժանապատիւ Տէր Գէորգ Քահանայ Աբեանը։ Ձեռնարկը աւարտեցաւ աղօթքով եւ յարգանքի լուռ պահով՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն։
Ապրիլ 25-ին, Ֆրեզնոյի Սուրբ Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանի սաները, ուսուցիչներն ու ծնողները, Արժանապատիւ Տէր Եսայի Քահանայ Պետրոսի առաջնորդութեամբ համախմբուեցան եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին շուրջ՝ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը։ Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին, մոմեր վառեցին եւ աղօթք բարձրացուցին առ Բարձրեալն Աստուած՝ արտայայտելով իրենց միասնութիւնն ու հաւատարմութիւնը ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն նկատմամբ։ Ծրագիրը հարստացաւ վարժարանի սաներու հայրենասիրական երգերով՝ Տիկին Անի Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ բարձր դասարաններու աշակերտներու գեղարուեստական եւ բովանդակալից ներկայացումներով՝ Տիկին Զարուհի Վիրապեանի առաջնորդութեամբ։ Միջոցառումը ամփոփուեցաւ Ֆրեզնոյի Շաբաթօրեայ Դպրոցի Տնօրէնուհի՝ Մարգարիտ Դումանեանի խօսքով, որ վերահաստատեց հայ ինքնութեան, մայրենի լեզուի, եկեղեցական կեանքի եւ ազգային դաստիարակութեան պահպանման եւ զանոնք գալիք սերունդներուն փոխանցման կարեւորութիւնը։
Ապրիլ 25-ին, աւանդութեան համաձայն, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Փոքրիկ հրեշտակներ» Շաբաթօրեայ Դպրոցը նշեց Մեծ Եղեռնի 111-րդ տարելիցը։ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանը, շեշտելով աստուածային սիրոյ եւ նահատակներու վկայութեան կենսարար նշանակութիւնը։ Ապա աշակերտները, Արեւմտեան Թեմի Շաբաթօրեայ Դպրոցներու Տնօրէն՝ Բարեշնորհ Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրույեանի եւ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան խաչքարի մօտ, ուր աշակերտներ խմբային արտասանութիւններով յարգանքի իրենց տուրք մատուցեցին մեր սուրբ նահատակներուն։ Պահը վերածուեցաւ ոչ միայն յիշատակի, այլեւ հաւատքի, սիրոյ եւ ազգային ինքնութեան վերանորոգման առիթի, երբ նոր սերունդը, սրբոց բարեխօսութեամբ զօրացած, խոստացաւ պահպանել իր մայրենի լեզուն, հաւատքն ու հոգեմտաւոր արժէքները։
Դիւան Առաջնորարանի
Ապրիլ 27, 2026


.jpeg)