image

Home Sweet Home! 



Home Sweet Home!    



-Տիկի՛ն, սիրեցի՞ք տան առաստաղը, գեղեցիկ եղաւ չէ՞։

-Ներողամիտ կը գտնուիք, կարծեմ թէ զիս ուրիշ մէկու մը հետ կը շփոթէք. ես տանս առաստաղը փոխել չտուի:

-Չէ՛, չեմ շփոթեր. ես լաւ գիտեմ ձեզի, դուք ամէն օր այստեղէն քալելով կ՚անցնիք: Ձեր տան մասին չեմ խօսիր, տեսէ՛ք, իմ տանս առաստաղին կ՚ակնարկեմ։


Անկեղծ ըլլամ ըսելու, որ ես ոչ առաստաղին նորոգութիւնը նկատած էի, ոչ ալ ընդհանուր տան՝ մաս- մաքուր ու նոր ներկուած տեսքը։ Ես միշտ հիացմունքով դիտած եմ այս տան երկայնքին ցանուած վարդերը, որոնց գոյներն ու թուփին փարթամութիւնը ամէնօրեայ ուշադրութիւնս գրաւած են: Անծանօթին խանդավառութիւնը եւ լայն ժպիտը տեսնելով կ՚անդրադառնամ, որ պէտք է հետաքրքրութիւն ցոյց տամ եւ քանի մը քաղցր խօսք արտասանեմ. « Օ՜հ, շատ  գեղեցիկ եղեր է, ամէն բան նոր, մաքուր ու ճաշակով: Բարի երդիք ըլլայ, առողջ եւ երջանիկ օրեր դիմաւորեցէք»:

Կը շարունակեմ ճամբաս եւ շարան մը խոհեր կը խճողեն միտքս: Ահա այս մարդը, տիպար հայու օրինակ մըն է, բարի նկարագիրով քաղաքացի մը: Հայը ուր որ երթայ տուն կը շինէ, զայն յարակից պարտէզներով կը գունազարդէ, ընդհանուր շրջանը կը շէնցնէ եւ իր կենցաղով ու բնակարանով կը զանազանուի տեղւոյն բնակիչներէն ու տուներէն: Լաւագոյն օրինակն է գեղեցիկ եւ հայահոծ Թահանկան, ուր մօտաւորապէս հինգ տարիէ կ՚ապրիմ:

Ցանկութիւնս է, որ հայերը այլեւս ունենան կայուն ու խաղաղ կեցութիւն եւ յանկարծ օր մը ակամայ «փոխադրուելու» պատճառ մը չունենան: Դժբախտաբար երկար տարիներ, Հայը ուր որ ապրեցաւ, ժամանակ մը ետք, կա՛մ բռնի տեղահանուեցաւ, կա՛մ անապահով ու անբարենպաստ պայմաններու բերումով հեռացաւ: Հայը միշտ նուիրաբար գրկած է իր հողը, արիւն ու քրտինք հոսեցուցած է անոր մէջ, բայց նախանձոտ ոսոխն ու պատերազմները անողոքաբար խլած են անոր արդար հողն ու կառուցած տունը,
ենթարկելով զինք տարագրութեան ու աննկարագրելի թշուառութեան:

Հայը իր ապրած դառն փորձառութիւններէն ետք  միշտ կարօտով յիշած է իրմէ խլուած  հողն ու տունը: Հետեւաբար, ան ուր որ հաստատուած է, հողին կառչած է ու իր կառուցած տան մէջ հոգին դրած է: Տան սիւներն ու աղիւսները իր երազներով հիւսած է ու պատերը՝ աղօթքով ծեփած: Քիչ չեն այն բանաստեղծութիւններն ու երգերը, որոնք կ՚արձագանգեն Հայուն ոդիսականը ու նուիրուած են հայրենի հողին ու տան: Պատանի հոգիս սարսուռներ ապրած է, երբ Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն» բանաստեղծութեան ծանօթացած եմ:  Բանաստեղծին մօտ, իր ծննդավայրին՝ Ակնի անկումը աղերս ու սուգ պատճառած են, սակայն ան հաւատացած է, որ իր կապը անքակտելի ու յաւերժական է եւ որ նոյնիսկ իր մահէն ետք, տատրակի տեսքով իր հոգին պիտի յայտնուի հայրենի հողին ու տան աւերակներուն վրայ...:


2014- ի ամրան, երբ Կարսի մէջ այցելեցի  Եղիշէ Չարենցին տունը, արցունքով վերյիշեցի անոր «Տաղ անձնականը»՝
«Թողած Կարսում, գետի ափին, տունս՝ շինուած անտաշ քարով,
Կարսը թողած, Կարսի այգին ու հայրենի երկինքը մով...»: Անդարմանելի է պարտադրաբար լքուած տան պատճառած վէրքը, հետեւաբար ան անվերջ պիտի արիւնահոսի ու վիրաւորին սիրտը մղկտացնէ:


Խոհերս պահ մը կ՚ընդհատուին, երբ կողքէս սեւ թռչուն մը թեւերը թափահարելով վեր կը բարձրանայ ու ելեկտրական լարերուն վրայ կը տեղաւորուի: Այս թռչունին տեսակն ու անունը չեմ գիտեր, բայց պահ մը ինծի կը յիշեցնէ մեր «Կռունկը», պանդուխտին սիրտին բալասան առթող կռունկը, որուն ոտքերուն ան կապեց կարօտի ու սիրոյ  նամակները եւ բուռն անձկութեամբ սպասեց խապրիկի մը: Կորսնցուցած հարազատէն գէթ խապրիկ մը իմանար, որպէսզի  հովանար իր կարօտակէզ ու մորմոքող սիրտը:


Ես սփիւռքահայու՝ Արեւմտահայաստանի «շապիկը» հագած եմ ծիներով :  Շապիկ մը, որ սիրտիս ու մաշկիս ամէնէն մօտիկն է, բայց անոր կոճակները խեղդելու չափ սեղմած են կրծքավանդակս ու վիզս: Շապիկ մը, որմէ ժառանգած եմ ինքնութիւն, լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, սովորութիւններ  եւ ահռելի մեծ ցաւ մը, որ կը պարփակէ՝ զոհի չյանգող մորմոքը, արդարութեան փնտռտուքը,  տունդարձի երազը...:

Լաւանտի (lavender)  հոտաւէտ փնջիկ մը կը փոխադրէ զիս Լիբանանի կանաչապատ ու հովասուն լեռները: Ծննդավայրս՝ Լիբանանը, իմ երկրորդ «շապիկս» է: Հագած եմ զայն ծնած օրէս, որ նոյնքան սիրելի ու ցաւոտ է ինչպէս առաջինը: Անքակտելի սիրոյ կապ մը կը միացնէ մեզի, ուր հեռաւորութիւնները ոչինչ կը ներկայացնեն, կամ կ՚ազդեն: Մեծ հայրս ու մեծ մայրս, նման այլ  վերապրողներուն,  Ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած, ապաստան գտան Լիբանանի մէջ: Անոնց սերունդը՝ Հայու չնահանջող ոգիով, անկոտրում կամքով ու անխոնջ աշխատասիրութեամբ շինեց տուներ, նախ թիթեղաշէն, փայտաշէն, ապա քարաշէն գեղեցիկ բնակարաններ: Վերապրողները անձնական տուներ շինելէ անդին իրենց գտնուած միջավայրը շէնցուցին, ծաղկեցուցին եւ հաւատարմօրէն նուիրուեցան անոր: Միաժամանակ չմոռնալով մեծ շեշտը դնելու իրենց  ազգային, կրօնական, կրթական ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու բարգաւաճման վրայ: Լիբանանի պարգեւած բարի պայմաններուն  մէջ անոնք  տարագիրի ու պանդուխտի  «բաճկոնը» իրենց վրայէն շպրտեցին ու հագան հպարտ Հայու «զրահը»։ Երախտագիտութեան ոգիով սիրեցին Լիբանանը եւ այդ սէրը կտակեցին յաջորդ սերունդներուն:

Դժբախտաբար 1975 - ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ եւ կէս դարեան  պանծալի նուաճումներ իրագործած լիբանանահայերը ցիր ու ցրիւ ըրաւ: Ոմանք գաղթեցին անմիջապէս պատերազմին սկիզբը, իսկ յաջորդող կէս դարու ընթացքին, անվերջանալի պատերազմին ու անապահով պայմաններու բերումով շարունակուեցաւ արտագաղթը: Չմոռնամ շեշտելու, որ այսօր Լիբանանի մէջ կայ շատ տոկուն ու աշխոյժ համայնք մը, որ թէեւ տարուէ տարի կը ստուարանայ իր թիւով, բայց կը պահպանէ իր ազգային, հոգեմտաւոր, մշակութային աւանդը եւ գոյատեւման ներուժը։ Ան կը մնայ, որպէս սփիւռքեան հպարտալի համայնք։ Սակայն կարելի չէ հարեւանցի անցնիլ ու չկեդրոնանալ դատարկուած, որբացած, իրենց պարունակէն պարպուած  տուներուն իրականութեան։ Մեծաթիւ են նման տուները, որոնք վերապրող սերունդին զաւակները կառուցեցին որպէս իրենց հաստատուն ու մնայուն կանգառը, բայց աննախատեսելի պատերազմը եկաւ յիշեցնելու սփիւռքահայուն, որ օտար հողին վրայ կարելի չէ ամրանալ…։


Դատարկուած  տուներէն մէկն ալ իմս է, որուն զաւակները «խաղաղ երկիր» եւ ապրուստ ապահովելու համար լքեցին զայն։ Տո՛ւն,  քաղցրիկ տուն, Կարօտով կը յիշեմ քու կենսախինդ մթնոլորտդ, եռուզեռդ , սիրով խայտացող օրերդ , նոյնպէս խոր կսկիծով կ՚անդրադառնամ  այսօրուան անշունչ, անբնակ ու անտէր իրավիճակիդ:

-Տիկի՛ն, սիրեցիք տանս առաստաղը, գեղեցիկ է չէ՞:

 

Սիլվա-Մահրէճեան Իսկիկեան 

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...