image

Իրան եւ Աշխարհակարգի Տատանումը. Ո՞ւր Կը Տանի «Աթոմական Խաղ»ը

Իրան եւ Աշխարհակարգի Տատանումը. Ո՞ւր Կը Տանի «Աթոմական Խաղ»ը

Աթոմական զէնքի խնդիրը եւ աշխարհակարգի փխրուն հաւասարակշռութիւնը

Ինչպիսի քայլերու կարիքն ունի մեր այսօրուայ աշխարհը, որպէսզի կարելի ըլլայ հեռու պահել աթոմական զէնքի պատերազմը։ Շատ-շատ ենք անոնք, որ կը հաւատան, որ այդ նիւթը՝ սովորական կամ արհեստագիտական զէնքով պատերազմի մը փոխարէն, աթոմական պատերազմ մը սկսիլը անկարելիութիւն մըն է, բայց եկուր տես, որ աշխարհը «ղեկավարող» մեծ տէրութիւններուն գործնական քայլերը եւ շարժումները բնաւ այդ մասին չեն խօսիր։

 Այլ ընդհակառակը, այսօր ստեղծուած համապատկերին մէջ, երբ պատերազմներու պարագային անկարելիութիւն կը դառնայ ռազմական յստակ առաւելութիւն մը ձեռք ձգելը, տէրութիւններ յաճախ գաղտնի, իսկ մերթ ալ անթաքոյց կերպով սկսած են խօսիլ աթոմական զէնքի կիրառման մասին։

 Այդ երկիրներու գլխաւորը կը համարուի՝ Ռուսաստանը, որ հակառակ իր ունեցած ռազմական ներուժին չկարողացաւ հասնիլ այն նպատակներուն, որոնք շեշտուած կերպով լսելի դարձան Ուքրանիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմի առաջին օրերուն…։

 Եւ այս առումով ալ Ռուսաստանի նահանջը, անոր ռազմական ներուժի մաշումի աստիճան թուլացումը, ռազմաքակական կարեւոր գործօնները ստիպեցին ու դռ ալ կը ստիպեն Քրէմլի ղեկավարութեան, որ տարբեր առիթներով հետամուտ ըլլան «հնչեցնելու» աթոմական պատերազմի սպառնալիքը։

 Այս բոլորին զուգահեռ յստակ է անշուշտ, որ աթոմական զէնք ստեղծելու հարցը լրջագոյն հարց է մանաւանդ այն տէրութիւններուն համար, որոնք անդամ են «Աթոմական երկիրներու ընտանիք»ին։

 Ու հոս է նաեւ, որ երեւելի կը դառնայ այս նիւթին վերաբերեալ մեծ «չարաշահում» մը, երբ աթոմական ռումբ ունենալու-չունենալու խնդիրը պատճառ կը դառնայ նոր տագնապներու, որոնց ամէնէն շեշտակի օրինակը՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան օրինակն է։ 

 Խորքին մէջ աթոմական ռումբի ստեղծման սպառնալիքն է, ու այդ հաւանական սպառնալիքի դէմ պայքարն է, որ Իրանի հանդէպ «ատելութեան» շեշտակիութիւնը դարձուց Միջազգային Հանրութեան մշտական օրակարգերէն մին։ Օրակարգ, որ մեր այս օրերուն դարձաւ մտահոգիչ պատերազմ, որուն անելանելիութիւնը, հետեւանքներն ու վտանգները լաւ տեղ չեն տանիր մեր այսօրուայ աշխարհը։ 

 Այստեղ հարկ կը համարեմ յիշեցնել, որ ի հեճուկս ԱՄՆ- Իսրայէլ Իրանի դէմ ճակատելու եւ պայքարելու վճառակամութեան, նոյն տեսակէտն ու մօտեցումը չենք նկատեր Եւրոպական համայնքին ու բնականաբար Իրանի դաշնակից համարուող՝ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի պարագային։

 Այս ինքնին կարեւոր մօտեցում ու գործօն կրնայ դառնալ, որպէսզի Իսրայէլ եւ ի մասնաւորի Միացեալ Նահանգներ իրողապէս գիտակցին, որ անկարելի է «գետնի հաւասար» ընել դարաւոր ճանապարհ եւ մշակոյթ ունեցող երկիր մը։

 Ի դէպ Իրանի հանդէպ նոյնպէս դրական տրամադրուած է Թուրքիան, որուն քաղաքական վերնախաւը բազմիցս արտայայտուած է այն մասին, որ բոլորը հարցերը կարելի ու հնարաւոր է լուծել առանց բռնութեան, այլ միայն ու միայն երկխօսութեան ճանապարհով։

 

Աթոմական Հաւասարակշռութեան Փլուզումը. Իրանի Հանգոյցը

Իւրաքանչիւր հրթիռակոծումով, նաւու առգրաւումով եւ սարսափազդու բնաջնջման սպառնալիքով, ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը մեծցընէ Իրանի մղումը՝ մերժելու իր գործարք կնքելու «առաջարկ»ը եւ փոխարէնը արագացնելու աթոմական զէնք ձեռք բերելու փորձերը ։

  Անցնող 28 Փետրուարին պատերազմ յայտարարելու քայլը արդարացնելով՝ Թրամփ պնդեց, թէ Իրանը, եւ յատկապէս անոր աթոմական ծրագիրը, կը ներկայացնեն «անմիջական սպառնալիք»։ Սակայն Իրանը աթոմական զէնք չունի։ Ատոր փոխարէն Միացեալ Նահանգներ, Իսրայէլ եւ բազում այլ երկիրներ ունին այդ զէնքը։ 

ԱՄՆ հետախուզական կառոյցները եւ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակները կը համաձայնին, որ գոյութիւն չունի հաստատուն ապացոյց, թէ Իրանը՝ թէեւ զարգացուցած է իր արհեստագիտական կարողութիւնները եւ բաց պահած քաղաքական ընտրանքները, 2003 թուականէն ի վեր փորձած է տիրանալ աթոմական զէնքի։ Սակայն Թրամփի մէկ տարուան ընթացքին երկրորդ յարձակումը եւ Իրանը «քարէ դար» վերադարձնելու սպառնալիքը մեծ հաւանականութեամբ կը փոխեն այս վիճակը։

Աւելի ու աւելի դժուար կը դառնայ հակաճառել այն տեսակէտին, որ այժմ Իրանը ղեկավարող «կոշտ գիծ»ի յեղափոխական պահակազօրի զօրավարներուն վերագրուած է՝ թէ աթոմական զէնքը միակ վստահ միջոցն է ապագայ յարձակումները զսպելու։ ԱՄՆ-ն եւ Իսրայէլը երկու անգամ առանց նախազգուշացման հարուածեցին Իրանը, այն պահուն երբ այդ երկիրը բանակցութիւններ կը վարէր Միացեալ Նահանգներու հետ։ Նոյնիսկ եթէ խաղաղութեան համաձայնութիւն գոյանայ, իրանցիները կը գիտակցին, որ Թրամփին ու Նաթանիահուին վստահիլը անհնար է։

Թրամփի՝ Իրանի աթոմական ծրագիրը «ոչնչացնելու» նպատակը իրականութենէն հեռու է։

Աթոմական գիտելիքը չի կրնար պարզապէս ռմբակոծութեամբ վերանալ։ Նոյնիսկ եթէ գիտնականներ զոհուին, գիտելիքը կը մնայ։ Աւելին՝ Թեհրան պարտադիր չէ, որ ինքնուրոյն կերպով վերակառուցէ այդ կարողութիւնը․ ան կրնայ փորձել զէնքը ձեռք բերել արտասահմանի մէջ։

Հիւսիսային Քորէան ամենահաւանական աղբիւրն է, մինչդեռ Ռուսիոյ կողմէ օժանդակութիւնը չի բացառուիր։ Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ընը, որ արդէն ներգրաւուած է այլ հակամարտութիւններու մէջ անուղղակի կերպով, կրնայ գաղտնի կերպով զինել Իրանը։ Ան ունի նման փորձառութիւն։

Իրանը կը միանայ այն պետութիւններու շարքին, որոնք չունին աթոմական զէնք, բայց տուժած են աթոմական տէրութիւններու ճնշումներէն։ Ուքրանիոյ օրինակը յստակ է․ ան հրաժարեցաւ իր զէնքերէն՝ փոխարէնը ստանալով երաշխիքներ, որոնք ի վերջոյ արժէք մը չունեցան։ Իրաքը եւս, առանց աթոմական զսպման, ենթարկուեցաւ ներխուժման։

Աթոմական զէնք ունեցող պետութիւնները չեն յարգեր իրենց պարտաւորութիւնները՝ զէնքերու կրճատման ուղղութեամբ։ Փոխարէնը՝ անոնք կը շարունակեն արդիականացնել իրենց զինանոցները։ Այս քաղաքականութիւնը կը քաջալերէ այլ երկիրներուն նոյնը ընել։

Թրամփի անկանխատեսելի եւ սպառնալիքներով լեցուն վարքագիծը կը մեծցընէ անորոշութիւնը։ Ան նաեւ կը խթանէ աթոմական զէնքերու տարածումը։ Իր որոշումները՝ ներառեալ 2015-ի Իրանի հետ համաձայնութեան չեղարկումը, ուղղակիօրէն նպաստեցին ներկայ ճգնաժամին։

Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիի սպանութիւնը նաեւ նշանակալից էր․ անոր «ֆեթուա»ն (Կրօնական հրաման, որ առաւելաբար կ՚օգտագործուի շիիթ կրօնապետներու կողմէ. Խմբ. ՝Ս. Արեան) , որ կ՚արգիլէր աթոմական զէնքի զարգացումը, ըստ էութեան անհետացաւ։

Թրամփն ու Նաթանիահուն երկու հիմնական սխալ ընկալում ունին․ նախ՝ իրանցիները չեն մոռնար տեղի ունեցածը, եւ երկրորդ՝ Իրանը ունի ընտրանքներ, որոնք դուրս են իրենց վերահսկողութենէն։

Հիւսիսային Քորէայի օրինակը կրնայ «լաւ» օրինակ ծառայել։ Այդ երկիրը ստեղծեց իր աթոմական ծրագիրը գաղտնի միջոցներով եւ այժմ կը տարածէ համապատասխան մեթոտներ։

Եթէ Իրանը ձգտի աթոմական զէնք ձեռք բերել, այլ երկիրներ եւս կրնան հետեւիլ՝ Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը եւ Թուրքիան։ Նոյն վտանգը կը տարածուի Ասիոյ մէջ՝ Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի եւ Թայուանի պարագաներով։

Արդիւնքը՝ աթոմական զէնքերէ զերծ աշխարհի գաղափարը կը մաշի։ Զէնքերու արդիականացումը, վերահսկողութեան համակարգերու փլուզումը եւ նոր փորձարկումները կը մեծցընեն վտանգը։

Սա սոսկ վախցնող պատմութիւն մը չէ․ իրական վտանգ է։ Ռուսիան արդէն բազմիցս սպառնացած է աթոմական զէնքի գործածութեամբ։ Նման հռետորաբանութիւնը կը դառնայ սովորական։

Եթէ չգտնուի արդար եւ բանական դիւանագիտական լուծում, ապա աշխարհը կրնայ վերադառնալ «Պաղ պատերազմ»ի մղձաւանջին՝ փոխադարձ բնաջնջման իրական սպառնալիքով։

 

Վստահութեան Փլուզումէն Մինչեւ Աթոմական Ուժի Տարածում. Վտանգաւոր Ուղի Մը

Եզրակացնելով՝ այսօրուան աշխարհը կը գտնուի վտանգաւոր հակասութեան մը մէջ․ մէկ կողմէ՝ աթոմական զէնքը կը մնայ «զսպման գործիք» մեծ տէրութիւններու ձեռքին, միւս կողմէ՝ անոր մասին հռետորաբանութիւնը ու քաղաքական խաղերը կը դարձնեն զայն իրական սպառնալիք՝ ոչ միայն պատերազմի, այլ նաեւ գոյաբանական ճգնաժամի։

Հիմնական հարցը այն չէ միայն՝ ո՞վ ունի աթոմական զէնք, այլ՝ ո՞վ կը վստահի միջազգային համակարգին, եւ արդեօք այդ համակարգը դեռ ունի՞ իրական արժէք եւ հաւասարակշռութիւն։ Երբ վստահութիւնը կը քայքայուի, պետութիւնները սկսած են մտածել ոչ թէ զինաթափման, այլ «ինքնապաշտպանական աթոմական ապահովութեան» տրամաբանութեամբ․ եւ այս մէկը այն ուղին է, որ կը տանի տարածման եւ անկայունութեան։

 Աթոմական պատերազմը կանխելու համար անհրաժեշտ քայլերը չեն կրնար սահմանափակուիլ միայն սպառնալիքներու հնչեցումով կամ ռազմական ճնշումով։ Անոնք կը պահանջեն՝

• վերականգնել միջազգային վստահութեան նուազագոյն մակարդակ մը, ուր համաձայնութիւնները իսկապէս արժէք ունենան, 

• վերադառնալ դիւանագիտութեան՝ ոչ որպէս ձեւականութիւն, այլ որպէս հիմնական քաղաքական գործիք, 

• զսպման համակարգերը դարձնել թափանցիկ եւ վերահսկելի, ոչ թէ գաղտնի եւ մրցակցային, 

• եւ ամենակարեւորը՝ մեծ տէրութիւններուն կողմէ օրինակ ծառայող վարքագիծ, որովհետեւ փոքր պետութիւնները շատ յաճախ կը հետեւին անոնց տրամաբանութեան։ 

Այս ամբողջին մէջ ամենավտանգաւորը այն համոզումն է, թէ աթոմական զէնքը «անխուսափելի» կամ «բնական» երեւոյթ մըն է միջազգային քաղաքականութեան մէջ։ Իրականութիւնը հակառակն է․ ան քաղաքական ընտրութիւն է, եւ ինչպէս ամէն ընտրութիւն, կրնայ նաեւ վերատեսութեան ենթարկուիլ։

Այսօրուան աշխարհին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրը պարզ է․ կամ կը վերականգնէ վերահսկելի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած միջազգային կարգ մը, կամ կ՚երթայ դէպի բազմապատկուող «Աթոմական անորոշութիւն», ուր սխալ մը կրնայ դառնալ անդառնալի։

Եւ այս իմաստով՝ խաղաղութիւնը ոչ թէ իտէալական երազանք մըն է, այլ քաղաքական յարատեւ աշխատանք, որ առանց իրական կամքի՝ կը մնայ անիրագործելի։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...