image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Արժ. Տ. Գարեգին Քահանան. Ողորմածիկ Տէր Հայրը Ս. Ներսէս Ընծայարանի ազդեցիկ դէմքերէն էր

Ոչ եւս է  Արժ. Տ. Գարեգին Քահանան.  Ողորմածիկ Տէր Հայրը  Ս. Ներսէս  Ընծայարանի ազդեցիկ դէմքերէն էր

Խոր ցաւով եւ սրտի ծանրութեամբ կը տեղեկանանք հոգեւոր անդաստանէն ներս մեծ կորուստի մը մասին։ Կեանքի իր ուղին լռելեայն փակեց Տ. Գարեգին աւագ քահանայ Գասպարեան՝ անձ մը, որ տասնամեակներ շարունակ իր նուիրումով, ծառայութեամբ եւ տեսլականով անջնջելի հետք ձգած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Անոր անունը խորապէս կապուած էր Ս. Ներսէս Ընծայարանին, ուր ան ոչ միայն ծառայեց, այլեւ կերտեց սերունդներ, դաստիարակեց հոգեւորականներ եւ հարստացուց եկեղեցական կեանքը իր անդուլ աշխատանքով։

Այս կորստեան լուրը խոր ցաւ պատճառեց ոչ միայն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին, այլեւ ամբողջ հայ եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ։ Տէր Գարեգին քահանան կը մնայ որպէս օրինակելի հովիւ, ուսուցիչ եւ առաջնորդող դէմք, որուն յիշատակը պիտի շարունակէ ներշնչել գալիք սերունդները։

Ստորեւ այդ մասին «Ժամանակ» պարբերականին մէջ լոյս  տեսած լրատւութիւնը՝ 

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս իր մահկանացուն կնքած է շատ խորհրդանշական ու տիրական դէմք մը. ոչ եւս է Տ. Գարեգին աւ. քահանայ Գասպարեան, որու անունը նոյնացած էր Ս. Ներսէս ընծայարանի հետ: Այս վախճանը մեծ ցաւ յառաջացուցած է թէ՛ Արեւելեան թեմէն եւ թէ ընդհանրապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս: Արդարեւ, նորոգ վախճանեալ տէր հայրը եղած էր անձնդիր ու նախանձախնդիր հոգեւոր սպասաւոր մը: Երբ ան տակաւին երիտասարդ սարկաւագ մըն էր, 1961 թուականին, երջանկայիշատակ Տ. Տիրան արք. Ներսոյեան իրեն վստահած էր Ս. Ներսէս ընծայարանի հիմնադրութեան ժամանակաշրջանի լուրջ պատասխանատուութիւնը: Լուսահոգի տէր հայրը արդարացուցած էր իր վրայ դրուած յոյսերը՝ մանաւանդ, որ յաջորդող տասնամեակներուն ալ բանալի դեր մը խաղացած էր Ս. Ներսէս ընծայարանի զարգացման ուղղութեամբ:

Իր քահանայագործութեան շրջանին Արեւելեան թեմէն ներս ապահովուած էին իսկական ձեռքբերումներ՝ շնորհիւ անոր տեսլականին եւ հովուական մտահորիզոնին: Արդարեւ, Արեւելեան թեմէն ներս տասնամեակներ շարունակ ամառնային դասընթացքներ, սարկաւագներու պատրաստութեան եւ մարզման աշխատանքներ, Ս. Գրքի դասեր եւ հայերէնի դասեր կազմակերպուած էին՝ իր ներդրումով եւ վերահսկողութեան ներքեւ: Այդօրինակ ծրագրերով արձանագրուած յաջողութեան մէջ անփոխարինելի դեր ունեցած էր հոգելոյս տէր հայրը:

Տ. Գարեգին աւ. քահանայ Գասպարեան եղած էր Արեւելեան թեմի անմոռանալի կերպարներէն մին, որ կը ներշնչէր նոր սերունդը, միեւնոյն ժամանակ, տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ թեմակալ առաջնորդներու անմիջական գործակիցը, լծակիցը ըլլալ յաջողած էր: 

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն: