Սուրիացի լրագրող Ահմատ Համտուշ Տէր Զօրի հիւպատոսարանի ներկայ իրավիճակը պարզող լուսանկար հրապարակած է, ուրկէ պարզ կ'երեւայ, որ շէնքը էական վնասներ չէ կրած:
Յիշեցնենք, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացումը Տէր Զօրի մէջ տեղի ունեցած էր 11 փետրուար 2010-ին, որուն ներկայ եղած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեանը: Պատուաւոր հիւպատոս նշանակուած էր Տէրզօրաբնակ Սուրէն Վարդանեանը:
Նշենք, որ պատմական առումով Տէր Զօր քաղաքը յատուկ նշանակութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ ժողովուրդին համար, յատկապէս` սուրիահայերուն համար, որովհետեւ ան հայկական կարաւաններուն վերջին հանգրուանը հանդիսացած էր բռնի տեղահանութեան ճանապարհին:
Հայերը այնտեղ կառուցած են նահատակներուն յիշատակին նուիրուած մատուռը (պաշտօնապէս կառուցուած` 1991-ին) եւ թանգարան, որուն մէջ ամփոփուած էին նահատակներու մնացորդացները, հաւաքածոներ եւ քարտէզներ` առ ի յիշատակում մեր նահատակներուն, որոնք սպաննուեցան օսմանցի թուրքերու ձեռամբ: Աւելի ուշ քաղաքը հանդիսացաւ ուխտատեղի հարիւրաւոր հայերու` ամէն տարուան ապրիլ 24-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը զայն յայտարարեց հայոց ուխտատեղի, 2002 թուականին: