image

Արաբական կարգ մը երկիրներէ ետք Իտալիա եւս մտադիր է վերաբանալ իր հիւպատոսարանը Դամասկոսի մէջ

Արաբական կարգ մը երկիրներէ ետք Իտալիա եւս մտադիր է վերաբանալ իր հիւպատոսարանը Դամասկոսի մէջ

Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ինզօ Մուաֆիրօ Միլանիզի երէկ յայտարարութիւն մը կատարելով, ըսած է, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը մտադիր է վերաբանալ Դամասկոսի մէջ գտնուող իր հիւպատոսարանը:

Նախարարը նաեւ նշած է, որ այս առումով տեղի ունենալիք կարգադրութեան մէջ քաղաքական կեցուածքի փոփոխութիւններ չկան, այլ կառավարութիւնը հետամուտ է, որ իր ունեցած դիւանագիտական կառոյցները արագօրէն վերաբացուին:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ արաբական մէկէ աւելի երկիրներ վերաբացած էին իրենց դիւանագիտական կառոյցները եւ դեսպանատուները Դամասկոսի մէջ: