ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին պաշտօնական հրաւէր փոխանցուած է Մոսկուայի մէջ կայանալիք յաղթանակի օրուան միջոցառումներուն մասնակցելու համար։ Այս մասին յայտնած է Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը։
«Կ՚ուզեմ նշել, որ քանի մը ամիսէն բոլոր ռուսաստանցիները նախկին Խորհրդային Միութեան ժողովուրդներու հետ միասին պիտի նշեն Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 80-ամեակը։
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին պաշտօնական հրաւէր փոխանցուած է Մոսկուայի մէջ հանդիսաւոր միջոցառումներուն մասնակցելու համար»,-ըսած է դեսպանը։
Ան արժէքաւոր համարած է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանին նախկինի պէս կը միաւորէ եւ կը համախմբէ այն, որ երկու երկիրները կը յարգեն Խորհրդային Միութեան ժողովուրդներու սխրանքի մասին յիշատակը։
Մեր ընդհանուր Յաղթանակի վրայ աճող յարձակումներու ծիրէն ներս այդ յատկապէս կարեւոր է, նշած է Քոփիրքինը։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ղեկավարները եւ զինուորական հաշուարկները հրաւիրած էր Մոսկուա՝ մասնակցելու Մեծ Յաղթանակի 80-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառումներուն։