image

Ըստ Էրտողանի «Կազայի մասին Թրամփի առաջարկները «ուշադրութեան արժանի չեն»,

Ըստ Էրտողանի «Կազայի մասին Թրամփի առաջարկները «ուշադրութեան արժանի չեն»,

Կազայի հատուածի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմի յայտարարութիւններն ուշադրութեան կամ քննարկման արժանի չեն, ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, այս մասին յայտնած է Anadolu գործակալութիւնը։

«Մեր տեսանկիւնէն Կազայի հետ կապուած ամերիկեան նոր վարչակազմի կողմէ օրակարգ դրուած առաջարկները՝ սիոնիստական ​​լոպպիի ճնշման ներքոյ, ուշադրութեան եւ քննարկման արժանի չեն, սա կատարեալ անհեթեթութիւն է, ատոնք ջուր ծեծելու փորձեր են»,-ըսած է Էրտողան։

Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգները վերահսկողութեան տակ պիտի վերցնէ Կազայի հատուածը եւ պատասխանատու պիտի ըլլայ տարածաշրջանի վերականգնողական աշխատանքներու համար, ինչպէս նաեւ այն պիտի վերածէ մերձաւորարեւելեան Ռիվիերայի ամբողջ աշխարհի համար։ Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուցած է, որ Կազայի բնակիչները պէտք է տեղափոխուին այլ երկիրներ՝ իրենց բնակութեան համար առաջարկելով, մասնաւորապէս, Յորդանանը կամ Եգիպտոսը։ Թրամփ նաեւ չէ բացառած, որ Միացեալ Նահանգները կրնայ իր բանակն ուղարկել Կազա եւ խոստացած է, որ անձամբ պիտի այցելէ անկլաւ։

Էրտողան, մեկնաբանելով Կազայի հատուածէն պաղեստինցիներու հնարաւոր վերաբնակեցման մասին Թրամփի յայտարարութիւնները, ըսած է, որ Կազայի ժողովուրդը պիտի շարունակէ ապրիլ Կազայի մէջ։

«Ոչ ոք իրաւունք ունի Կազայի բնակիչները վտարելու իրենց յաւերժական ու անփոփոխ հազարամեայ հայրենիքէն: Պաղեստինն իր Կազայով, Արեւմտեան ափով եւ Արեւելեան Երուսաղէմով կը պատկանի պաղեստինցիներուն: 471 օր շարունակ Կազայի բնակիչները, որոնք չեն լքած իրենց հողը, հակառակ բոլոր տեսակի դաժանութիւններուն, վայրագութիւններուն եւ Իսրայէլի յարձակումներուն, պիտի շարունակեն մնալ Կազայի մէջ»,-ըսած է Էրտողան։