Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Զիւրիխի մէջ ենթարկուած է յարձակման։ Անյայտ անձերէ խումբ մը շէնքին վրայ պայթուցիկ խառնուրդով շիշեր նետած է։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Անատոլու» գործակալութեան Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Ասիէ Նուրճան Իփէքչին, միջադէպը տեղի ունեցած է տեղի ժամանակով ժամը 02:51-ին:
Անոր խօսքով՝ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Զիւրիխի մէջ առաջին անգամ չէ, որ նման գրոհներու կ'ենթարկուի:
Խմբաւորումներէն ոչ մէկը առայժմ իր վրայ չէ վերցուցած յարձակման պատասխանատւութիւնը, նշած է գլխաւոր հիւպատոսը։
«Ոստիկանութիւնը տեղեկացուցած է այս գործով երեք կասկածեալ կալանելու մասին։ Անոնց անունները առայժմ չեն նշուիր։ Կը կարծեմ, որ իրավիճակը կը պարզուի յառաջիկայ օրերուն»,- ըսած է Իփէքչին։
Գլխաւոր հիւպատոսը նշած է, որ դիւանագիտական առաքելութեան շէնքին վնաս չէ հասցած, քանի որ մէկ շիշի պարունակութիւնը չէ այրած, միւսն ալ կոտրուած է պարիսպին զարնուելով։