Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նախազգուշացուցած է, որ Եւրոպայի նկատմամբ ԱՄՆ-ի մաքսատուրքերը պիտի մեծցնեն ամերիկացիներու համար գնաճը: Մաքրոն CNN-ին ըսած է, որ Թրամփի մաքսատուրքերու ծիրէն ներս ԵՄ-ն պէտք չէ ըլլայ Միացեալ Նահանգներու համար «գլխաւոր առաջնահերթութիւն»:
«Արդեօ՞ք Եւրոմիութիւնը ձեր (ԱՄՆ-ի) առաջնային խնդիրն է, ո՛չ, չեմ կարծեր, ձեր առաջնային խնդիրը Չինաստանն է, այնպէս որ դուք պէտք է կեդրոնանաք առաջնային խնդրի վրայ», -ըսած է ան:
Մաքրոն զգուշացուցած է, որ մաքսատուրքերը պիտի վնասեն եւրոպական տնտեսութիւններուն, բայց նաեւ Միացեալ Նահանգներուն՝ հաշուի առնելով Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի տնտեսական կապերու մակարդակը։
«Այդ կը նշանակէ, որ եթէ դուք մաքսատուրքեր դնէք շատ ոլորտներու վրայ, այդ պիտի բարձրացնէ ծախսերը եւ պիտի առաջացնէ գնաճ ԱՄՆ-ի մէջ: Արդեօ՞ք սա այն է, ինչ ձեր ժողովուրդը կ՚ուզէ, ես այնքան ալ վստահ չեմ», - ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:
Հարցին, թէ արդեօք ան պատրաստ է «գլուխ գլուխի տալ» Թրամփի հետ մաքսատուրքերու հարցով, Մաքրոն պատասխանած է. «Ես արդէն ըրած եմ այդ եւ նորէն կ՚ընեմ»։