Խարքովի մէջ Ատրպէյճանի հյուպատոսութեան շէնքը ենթարկուած է օդային հարուածներու։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը։
«Օդային հարուածներու հետեւանքով լրջօրէն վնասուած է Խարքովի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան շէնքը», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Կը նշուի, որ վնասուած է հիւպատոսարանի աշխատակցին պատկանող ինքնաշարժը: «Հիւպատոսութեան աշխատակիցները չեն տուժած, այժմ կը գտնուին անվտանգ վայրի մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։