Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ գտնուող Իսրայէլի հիւպատոսարանը այսօր յարձակման ենթարկուեցաւ։
Ասոր մասին լուրը տարածեցին գերմանական լրատուամիջոցներ նշելով, որ ոստիկանութիւնը անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկած է իրադրութիւնը վերահսկողութեան տակ պահելու համար։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ կրակ բացող անձը վնասազերծուած է։
Դէպքին զուգահեռ այդ շրջանը հասած են Գերմանիոյ իրաւապահ մարմիններու լրացուցիչ ուժեր եւ սահմանուած է հսկողութեան բարձր աստիճանի ռէժիմ մը։