image

Ինչ  հարցեր քննարկուած են  Փաշինեան-Միշէլ-Ալիեւ հանդիպման ժամանակ

Ինչ  հարցեր քննարկուած են  Փաշինեան-Միշէլ-Ալիեւ հանդիպման ժամանակ

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած խորացող մարդասիրական ճգնաժամին, երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, տարածաշրջանային փոխադրային եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր: 

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է աշխուժացնելու աշխատանքները քննարկուած հարցերու կարգաւորման ուղղութեամբ: