Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Լիլիթ Մակունց ոստիկանութիւն կանչած է՝ երիտասարդ դաշնակցականներու բողոքի լուռ բողոքի շարժումը ցրելու համար:
Մակունցը, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, Հայաստանի 30-ամեակին նուիրուած միջոցառում կազմակերպած էր: Դուրսը հաւաքուած էին երիտասարդ դաշնակցականները՝ ներսը տեղի ունեցող միջոցառումը որակելով վիրաւորական, երբ հայ ռազմագերիները դեռ Պաքուի մէջ են:
Բողոքի մասնակիցներուն պնդմամբ՝ այս հարցը պէտք է առաջնահերթ ըլլար: Նախ դեսպանատան աշխատակիցները խնդրած են հաւաքուածներէն հեռանալ: Չեն գացածլ՝ պնդելով, որ որեւէ օրէնք չեն խախտեր:
Յետոյ դեսպանատունը գաղտնի ծառայութիւններու աշխատակիցները հրաւիրած է՝ հաւաքուածները հեռացնելու համար: