image

«Հըզպալլա»ի առաջնորդ Հասան Նասրալլայի սպանութեան մասին Նաթանիահուն փակագծեր բացած է

«Հըզպալլա»ի  առաջնորդ Հասան Նասրալլայի  սպանութեան մասին Նաթանիահուն  փակագծեր բացած  է

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն առաջին անգամ մանրամասնութիւններ յայտնած «Դիմադրութեան առանցքի» (Իրանի աջակցութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած ռազմական եւ ռազմաքաղաքական կառոյցներ՝ «Հըզպալլա», «Համաս», հուսիներ, որոնք կը պայքարին յանուն Պաղեստինի անկախութեան-Խմբ.) մաս կազմող լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման գլխաւոր քարտուղար Շէյխ Հասան Նասրալլան սպանելու որոշման մասին։

«Մենք յստակ գիտէինք անոր գտնուելու վայրը: Հարցն այլ էր. արդեօք արժէ՞ր հարուածել: Որոշումը հեշտ չէր. Նասրալլան կը համարուէր «Դիմադրութեան առանցքի» երկրորդ ամենակարեւոր առաջնորդը, այաթոլլահ Խամենէիէն ետք շիաներու շրջանին մէջ երկրորդ ամենահանրաճանաչ առաջնորդը: Աւելին, ես կը գիտակցէի՝ Նասրալլան էր, որ աւելի ու աւելի յաճախ կը սահմանէր Թեհրանի գործողութիւններու ուղղութիւնը, եւ ոչ թէ հակառակը: Ան ամբողջ «Դիմադրութեան առանցքի» կեդրոնական դէմքն էր։ Անոր հեռացումը կը նշանակէր լուրջ հարուած ամբողջ կառոյցին», -ըսած է Նաթանիահուն։

Ան նշած է, որ Իսրայէլի պատերազմական գրասենեակին մէջ քննարկումներ կ՚ընթանային, այդ շարքին այն հարցի շուրջ, թէ արդեօք արժէ՞ տեղեկացնել Միացեալ Նահանգները:

«Ես ըսի՝ ո՛չ, մենք ամերիկացիները տեղեակ չենք պահեր, լաւագոյն պարագային անոնց կը տեղեկացնենք վերջին պահուն, երբ ինքնաթիռներն արդէն օդը կ՚ըլլան», -ըսած է Իսրայէլի վարչապետը։

Ըստ Նաթանիահուի՝ գործողութիւնը իրականացնելու լաւագոյն ժամանակը համընկած է Միացեալ Նահանգներ կատարած այցի հետ.«Նիւ Եորք թռելէ առաջ ես առանձին սենեակի մէջ հաւաքեցի պաշտպանութեան նախարարը եւ Ընդհանուր սպայակոյտի պետը։ Մենք որոշում կայացուցինք գործել։ Նիւ Եորքի ճանապարհին, օդանաւին մէջ, վերջնականապէս հաստատեցի գործողութիւնը։ Նիւ Եորքի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ հեռախօսով գրասենեակի առցանց նիստ ըրինք եւ վերջնական հրաման տուի»։

ՄԱԿ-ի մէջ իր ելոյթին նախապատրաստուելու ընթացքին Նաթանիահուն միաժամանակ երկու այլ հեռախօսներու միջոցով կը վերահսկէր գործողութեան ընթացքը.«Երբ ես ելոյթ ունեցայ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին եւ յետոյ հանդիպեցայ լրագրողներուն, ինծի գրութիւն մը յանձնեցին, որու վրայ գրուած էր ընդամէնը մէկ բառ՝ «Կատարուած է»»:

«Նասրալլայի հեռանալը ծանր հարուած էր «Դիմադրութեան առանցքին»: Ան անփոխարինելի գործիչ էր: Անոնք դեռ չեն գտած առաջնորդ, որ կրնայ փոխարինել անոր: Այդ նաեւ լրջօրէն թուլացուց Պաշշար Ասատը, որ մեծապէս օգնութիւն ստացած է Նասրալլայէն՝ հազարաւոր մարտիկներ հաւաքագրելու համար սուրիական պատերազմի ժամանակ», - եզրափակած է Իսրայէլի վարչապետը:

Իսրայէլի բանակը սեպտեմբեր 28-ին յայտարարած է, որ Պէյրութի մէջ շարք մը հարուածներու հետեւանքով սպանած է «Հըզպալլա» շարժման ընդահնուր քարտուղար Շէյխ Հասան Նասրալլան: