image

ՀՅԴ Սեւանի ակումբը թալանի ենթարկուած

ՀՅԴ Սեւանի ակումբը թալանի ենթարկուած

Անյայտ անձեր թալանած են ՀՅԴ Սեւանի կոմիտէութեան գրասենեակը։ Այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Սեւանի Կոմիտէի նախագահ Արման Հայրապետեանը։

«Մօտ 25 օր առաջ գացինք, տեսանք, որ կազի կաթսան չկայ, խողովակներէն կտրած, տարած էին։ Եւրոպատուհաններ են, այդտեղէն մտած էին գրասենեակ, որ կեդրոնական փողոցի վրայ է։ Մինչեւ այդ ընթացքին կ'որոշէինք՝ ինչ ազդանշանային համակարգ տեղադրենք, քանի մը օր անց կրկին մտած էին։ Մարտկոցներ տարած են ու հեռուստացոյց, կրկին պատուհանէն մտած էին», պատմեց Արման Հայրապետեանը։

Դէպքի առնչութեամբ հաղորդում ներկայացուցած են ոստիկանութիւն։