Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթէն կը կարդանք՝
՚ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի հետ:
Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ճորճ Գրիգորեան եւ Աւետիս Կիտանեան:
Պալապանեան դեսպանին բարի գալուստ մաղթեց Լիբանան` հաստատելով. «Դեսպանատունը հայոց պետականութեան ներկայացուցչութիւնն է, եւ այդ պետականութիւնը մեզի եւ համայն հայութեան համար բացարձակ եւ գերագոյն արժէք է, որուն կանգնումին եւ ամրապնդումին ջատագովը եղած ենք միշտ. ասկէ մեկնած, բնական է, որ դեսպանատան հետ միշտ գոյութիւն ունեցած ըլլան դրական յարաբերութիւն եւ գործակցութիւն»:
Դեսպանը իր կարգին հաստատեց, որ տարբեր համայնքներու մէջ միշտ բարեկամութեան եւ գործակցութեան օղակներ կազմուած են հայրենի դեսպանատուներուն շուրջ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանի զարգացումներն ու Լիբանանի ապրած պատերազմական կացութիւնը: Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանահայութեան վիճակին:
Պալապանեան դեսպանին ներկայացուց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան որդեգրած ներլիբանանեան քաղաքականութիւնը` հաստատելով, որ առաջնահերթութիւն է երկրի հողային ամբողջականութեան ու ներքին համերաշխութեան պահպանումը, որուն համար անհրաժեշտ է յանձնառու մնալ հարցերը երխօսութեամբ լուծելու ընտրանքին:
Համաշխարհային եւ տարածաշրջանային զարգացումներու լոյսին տակ, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի վրայ անոնց ազդեցութեան:
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ դեսպանին` Լիբանանի մէջ անոր առաքելութեան համար: