Հրդեհ բռնկած է Կոմիտաս 60/2 հասցէին գտնուող շինութեան մէջ, ուր կը գործեն հանրային սնունդի կէտեր եւ այլ խանութներ։ Յայտնած են լրատուամիջոցները եւ տարածած տեսանիւթեր:
ՆԳՆ-էն յայտնած են, որ ժամը 11։08-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ եղած է, որ Երեւան քաղաքի Կոմիտասի պողոտայի սնունդի կէտերէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է։
Հրդեհի բարդութեան «1 ԲԻՍ» կանչով դէպքի վայր մեկնած են ՆԳՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն չորս մարտական հաշուարկ եւ մէկ մեքենայ-սանդուղք։
